«Թերթ».- Յունաստանի իրաւապահ մարմինները կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու սպան փախուստ տուած է իր երկրէն եւ քաղաքական ապաստան խնդրած է Յունաստանէն:
«Ան ռազմական թռիչքի աշխատակից է: Դիմած է Քալիմնոս կղզիի ոստիկանութեան բաժինին եւ ըսած է, որ փախուստ տուած է նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի վարչակարգէն ու ապաստան կը խնդրէ», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը:
Յիշուած է, որ սպան Երկուշաբթի օրուընէ ի վեր կը գտնուի Քալիմնոսի ոստիկանութեան բաժինը: Յունաստանի բոլոր զինուորական կառոյցները տեղեկացուցած են դէպքին մասին: Այլ մանրամասնութիւններ տակաւին յայտնի չեն:
Յիշեցնենք, որ 2016 թուականի Յուլիսէն Յունաստանի մէջ կը գտնուին 8 թուրք զինուորականներ, որոնք փախուստ տուած են յեղաշրջման փորձէն անմիջապէս վերջ: