Կիրակի, 11 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ բուռն կռիւներ մղելէ ետք ազատագրեց Համայի հիւսիսային գիւղն ու Իտլիպի հարաւային շրջանի Սքէք բլուրն ու Սքէք եւ Հպէթ գիւղերը:
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ բանակը ոչնչացուց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն թաքստոցները: Զինեալները նահանջեցին դէպի լարուածութեան մեղմացման գօտիէն ներս գտնուող իրենց կեդրոնները, յատկապէս Խան Շէխուն:
Այս շրջագիծէն ներս, տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Յուլիս ամսուան ընթացքին Իտլիպի եւ հիւսիսային Համայի գիւղերուն մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն թրքական սահմանէն ամերիկեան արդիական զինամթերք հասած է: Թրքական սահմանէն անոնց օգնութեան փութացած են նաեւ արաբ մասնագէտ երկրաչափներ:
Սուրիական բանակը կը շարունակէ իր զինուորական գործողութիւնները Իտլիպի եւ հիւսիսային Համայի գիւղերուն մէջ, ուր կը գտնուին Թուրքիայէն, Արեւմուտքէն եւ Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրներէն աջակցութիւն ստացող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ: Չորեքշաբթի, 14 Օգոստոս 2019-ին բանակը ազատագրեց Իտլիպի հարաւային Քաֆար Այն, Խրպէ, Մրշէտ, Մնթար եւ Թալ Աաս գիւղերը:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար, սուրիական բանակի փոխհրամանատար գնդապետ Ալի Ապտալլա Այուպ Ատհայի տօնին առիթով, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի թելադրանքով այցելեց ազատագրուած Հապիթ գիւղը: Այուպ հանդիպում ունեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները պարտութեան մատնող սուրիացի քաջարի զինուորներուն հետ, բարձրօրէն գնահատելով անոնց ձեռքբերումներն ու շնորհաւորելով Ատհայի տօնը: