ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան վերջերս «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցէն բաժին մը.
«Մեր նախընտրութիւնն է Արցախի մէջ ստեղծել այնպիսի  մըթնոլորտ մը, ուր կարենանք համախմբուիլ բոլորին յարգանքը վայելող նախագահական մէկ  թեկնածուի շուրջ: Բնականաբար, իւրաքանչիւր թեկնածու կը համարէ, որ ինք պէտք է ըլլայ այդ համախոհական թեկնածուն, այդ իսկ պատճառով որոշակի անպատեհութիւն կրնայ ստեղծուիլ: Մենք ճիգ պիտի թափենք տեսնելու, որ Արցախը այս ամէնքէն դուրս  կու գայ աւելի հզօրացած:
Արցախը պէտք է ունենայ այնպիսի նախագահ եւ Ազգային ժողով, որոնք կը վայելեն բոլորին յարգանքը, եւ այդ ուղղութեամբ մենք պիտի աշխատինք ու պայքարինք:
Մեր հիմնական փափաքը այն է, որ այս ընտրութիւնները ընթանան խաղաղ, մրցակցային առողջ պայմաններու մէջ, իսկ ինչ կը վերաբերի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, բնականաբար, քաղաքական բոլոր հոսանքները պէտք է ձգտին ունենալ աթոռներ, որպէսզի Արցախի քաղաքական կեանքին իրենց մասնակցութիւնը ապահովեն:
Բայց մեր առաջնահերթ նպատակներէն մէկը Արցախը ցնցումներէ, որեւէ պարտադրուած թեկնածուէ զերծ պահելն է նաեւ, եւ մենք պատրաստ ենք սատարելու այսպէս կոչուած համախոհական թեկնածուին: Բայց եթէ այդպիսի թեկնածու չըլլայ, բնականաբար, մենք հանդէս կու գանք մեր թեկնածուով, կամ Դաշնակցութեան թեկնածուով, կամ, այնպիսի թեկնածուի մը շուրջ համախմբուելով, որուն քանի մը ուժ կ’ընդունի որպէս առողջ ազգային դէմք, այն ակնկալութեամբ, որ ան Արցախի բոլոր իրաւունքներուն պաշտպանը կը հանդիսանայ»:
«Ապառաժ»