Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միացեալ որոշումով Ռուս-հայկական մարդասիրական կեդրոնին կողմէ տրամադրուած հերթական մարդասիրական օգնութիւնը առաքուած է Սուրիոյ ժողովուրդին:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ օգնութիւնը առաքուած է մարդասիրական կեդրոնի միջոցներուն հաշուոյն:
Մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած է Սուրիոյ այն բնակիչներուն համար, որոնք տուժած են պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան 9 բեռնատարներու մէջ բեռցուած մարդասիրական օգնութիւնը առաքած է դէպի Սուրիա:
Ծրարները կը պարունակեն միսի պահածոյ՝ 52,5 թոն, ձուկի պահածոյ՝ 35 թոն, 40 թոն շաքար, ինչպէս նաեւ չոր օրապահիկ՝ մօտ 14,5 թոն ծանրութեամբ:
Հայկական եւ ռուսական կողմերուն ներկայացուցիչները մարդասիրական օգնութիւնը պիտի յանձնեն Սուրիոյ Կարմիր Մահիկի ներկայացուցչութեան, որուն միջոցով ալ պէտք է իրականացուի հետագայ բաշխումը: