Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան պատասխանելով գերիվարուած հայ զինուորին մասին լրագրողներու հարցումներուն յայտնած է.
«Օրերս տակաւին հետաքննութիւն կը կատարուի: Կը կարծեմ, որ մեր զինուորական ծառայողը մոլորուած է»:
Պատասխանելով հարցումին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց զինուորական ծառայողին՝ Ատրպէյճանի մէջ յայտնուելուն պատճառը անոր նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքն է՝ նախարարը ըսաւ, որ սա ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւն է: «Չեմ կարծեր, որ պէտք է տարածել այս զրպարտութիւնը: Ես համոզուած եմ, որ ան ուղղակի մոլորուած է», աւելցուց Տօնոյեան:
Անդրադառնալով զինուորին վերադարձի հարցին՝ նախարարը յայտնեց, որ  դիմած են միջազգային համապատասխան կառոյցներու, մասնաւորապէս Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին: