Աշխարհն ու մարդկութիւնը փոթորկող, եռեւեփող իրադարձութիւններ օր աւուր ա՛յնքան արագ եւ գլխապտոյտ պատճառող թափով կը զարգանան քիչ մը ամէն տեղ, որ մարդս կամայ թէ ակամայ կը ներգրաւուի ստեղծուած խայտաբղէտ յորձանուտներու մէջ եւ շատ առիթ չ’ունենար գլուխը վեր բարձրացնելու զինք կլանող առօրեայէն։ Քաղաքական-ռազմական աշխարհը, առեւտրական պատերազմներն ու անոնց «ձագուկները» ամէն օր իրենց բազմերանգ նորութիւններով կ’ողողեն մարդոց ուշքն ու միտքը։ Բնական աղէտներ մրցումի մէջ են յիշեալ նորութիւններուն հետ։ Գիտական հնարքներ ու բազմապիսի խոստումներ՝ այս մարզի տարբեր ենթաբաժանումներուն մէջ՝ արհեստագիտական, բժշկագիտական, զէնքերու եւ այլն, այլապէս յառաջ կ’ընթանան մեծ ոստումներով ու իրենց հետ կը քաշեն-կը տանին մարդկային ընկերութիւնը, անկախ անկէ, թէ անոնք որքա՞ն մատչելի ու հասանելի են բարօր կամ ոչ-բարօր երկիրներու բնակիչներուն։ Մերթ զիրար խաչաձեւող, յաճախ նաեւ իրարու թափ տուող նորութիւններն ու յորձանուտները չեն ճանչնար երկիրներու ու ցամաքամասերու սահմանները, այլ մարդկութեան կը ներկայանան ինքնայատուկ համաշխարհայնացումով մը, որ ունի իր լաւ ու վատ երեսները, սակայն նաեւ կը սպառնայ աշխարհի տնտեսութիւնն ու ընկերային համակարգը երկրաշարժի մատնել, հասցնել փլուզումի։
Ու եթէ մարդ ինքն իրեն իրաւունքն ու առիթը տայ պահ մը «շունչ առնելու» եւ գլուխը այդ փոթորիկներէն վեր բարձրացուցած՝ փորձէ կշռադատել ընդհանուր պատկերն ու ստեղծուած՝ մի՛շտ յարափոփոխ վիճակը, դժուարութիւն պիտի չունենայ տեսնելու, թէ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ կը կարօտի համակարգային հիմնական փոփոխութիւններու, իսկական յեղափոխութեան, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս պատահած է նախանցեալ քանի մը դարերուն, մասնաւորաբար Ճարտարարուեստի Յեղափոխութիւն(ներ) անունով ծանօթ փուլերուն։ Այլ խօսքով, աշխարհ ու զինք բաղկացնող երկիրները, կազմակերպութիւններն ու Մարդուն ճակատագիրով շահագրգիռ, անոր իսկական բարօրութեան նկատմամբ նախանձախնդիր միաւորները կը կանգնին լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, հրաւիրուած են ի հարկին մասնագիտական ծրագրաւորման եւ գործելու ի խնդիր բազմաճիւղ դաշտերու բացման, որպէսզի ընկերային-տնտեսական հարցերը գտնեն մեծ ու հեռահաս լուծումներ, հիմնուած՝ մարդանպաստ գաղափարներու վրայ, եւ ո՛չ միայն՝ կարկտաններ. այսինքն այնպէս՝ ինչպէս պատահած է 16-րդ եւ 17-րդ դարերէն ասդին, անցնելով բազմապիսի վերիվայրումներէ, յաճախ նաեւ արիւնալի փուլերէ, բայց միշտ ձգտելով մարդ արարածին բերել ապրուստի համեմատաբար տանելի պայմաններ, որոշ հաւասարակշռութիւն հաստատել ընկերութեան տարբեր խաւերուն՝ դասակարգերուն միջեւ (եթէ դասակարգերու ջնջումը անհնարին է, գոնէ տրամաբանական հաւասարակշռում մը պէտք է ըլլայ կարելի, նաեւ՝ անխուսափելի, եւ այդ՝ ի շահ բոլոր դասակարգերուն գոյատեւման)։
Մեր մատնանշած-մատնանշելիք հարցերուն համար ի մտի չունինք միայն այս կամ այն երկիրը, ցամաքամասը, այլ ամբողջ աշխարհը, որուն մէկ մասնիկն է մեր հայրենիքը, եւ իր կարգին առաւել կամ նուազ չափով կը կրէ այդ ալիքներուն ազդեցութիւնը։ Եւ որովհետեւ մեզի համար նախամեծար է մեր հայրենիքին բարօրութիւնն ու զարգացումը, յառաջիկայ քննարկումին ընթացքին մեր միտքի ենթապատկերին մէջ զայն պիտի ունենանք ներկայութիւն, առանց մասնաւորելու անոր յատուկ պարագաները։
Արդ։ Փորձենք ուրուագծային մօտեցումով աչքի առջեւ բերել մարդկութեան ընկերային եւ տնտեսական կացութեան վերեւ «Դամոկլեան սուրեր» կախող քանի մը տուեալներ, առանց յաւակնելու, որ նման ուրուագծում պիտի ըլլայ համապարփակ կամ սպառիչ, որովհետեւ մեր նպատակը մասնագիտական հատորի մը պատրաստութիւնը չէ, ոչ ալ ուսումնասիրական պատկերի մը ներկայացումը, այլ աշխարհի որոշ ու յաճախ դառն իրականութիւններուն վրայ լուսարձակ բերելը, նաեւ արձանագրել մտածումներ, որոնք, կը հաւատանք, կրնան լուծման ուղիներ ցոյց տալ։ Նշենք նաեւ, որ չունինք յոռետեսական մօտեցում, այլ կը մեկնինք որոշ իրականութիւններէ, որոնք կը ներկայանան գորշ գոյներով, առանց բոլորովին մթագնելու դրական զարգացումներով բացուող գունաւոր հորիզոնները…
ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄԻ ՑՈՒՑԱՆԻՇՆԵՐ
Կարելի է կարկինը շատ լայն բանալ, եւ մեր կատարելիք նշումներուն համար երթալ մինչեւ Բ. Աշխարհամարտին յաջորդած տարիները, փնտռելու եւ գտնելու համար այն արմատները, որոնց աճումին հետեւանք են վերջին քանի մը տասնամեակներուն թափ ստացած՝ ընկերային-տնտեսական հաւասարակշռութեան խախտումը, ի հեճուկս աշխատող զանգուածին եւ ի նպաստ որոշ դասու մը, որ այսօր աշխարհին կը ներկայանայ նիւթական անչափելի կարողութիւններ ձեռք բերած ըլլալու եւ զանոնք տա-րուէ տարի աւելի՛ եւս աճեցնելու դրօշակիրի դերով։ Սակայն եթէ բաւականանանք այն ժամանակաշրջանով, որ կը յատկանշուի համակարգչային-թուայնացեալ արհեստագիտութեան զարգացումով ու աճող տիրապետութեամբ, որոշ չափով սահմանափակած կ’ըլլանք մեր քննարկումին դաշտը, առանց արհամարհելու կամ անտեսելու յարակից տարածքներ ու անոնցմէ բխող հարցերը, այլապէս արժանի՝ քննարկումի։
Համակարգչային արհեստագիտութեան արագ զարգացումն ու մարդոց առօրեային մէջ անոր լայնածիր օգտագործումը, անհամեմատելի բարիքներ բերելու եւ դիւրութիւններ շնորհելու դիմաց, յառաջացուցած է նաեւ այնպիսի դժուարութիւններ ու անպատեհութիւններ, որոնց որոշ արձագանգները կը լսենք ու կ’ապրինք ամէն օր, սակայն ընդհանուր առմամբ կը մնանք հանդիսատեսի, ակնդիր-ունկնդիրի կացութեան մէջ, մտածելով, որ «նոր աշխարհի ընթացքը այս է, բան մը չենք կրնար ընել զայն հակակշռելու-հաւասարակշռութիւն բերելու իմաստով, ակամայ ու հարկադրաբար մատնուած ենք անզօրութեան»։ Մեր խօսքը չի վերաբերիր համակարգչային հաղորդակցութեան որոշ սարքերու գերի դառնալու երեւոյթին (որ միայն ստորակէտ մըն է մեծ տագնապին մէջ), այլ այն իրականութեան, որ աշխատող մարդը շատ արագ կերպով սկսած է դառնալ անկարեւոր ու երկրորդական, աշխատանքի անոր կարելիութիւնները հետզհետէ կը սահմանափակուին, նորեկներ կ’ուղղորդուին նոր, բայց սահմանափակ դաշտեր, ուր արհեստագիտութիւնը եւ անոր գործիքներն են տիրականն ու կառավարողը (արհեստագիտութեան բարիքներուն դէմ չենք, այլ ընդհակառակը համակիր՝ նորութիւններու եւ նորարարութիւններու, որոնք պիտի դիւրացնեն մարդուն գործն ու կեանքի ընթացքը)։ Այլ խօսքով, թեւակոխած ենք աշխարհ մը, որ դեռ շուրջ 50 եւ աւելի տարի առաջ իբրեւ մղձաւանջային հեռանկար կը ներկայացուէր գիտաերեւակայական վէպերու հեղինակներու եւ ժապաւէններու բեմադրիչներու կողմէ (յիշատակենք գոնէ Սթնէլի Քիւպրիքի նշանաւոր՝ «Անջրպետային Ոդիսական-2001…»ը, ուր ի միջի այլոց ահազանգ մը կար մարդուն վրայ համակարգիչին տիրապետութեան վերաբերեալ)։ Այսօր, նոր աշխարհի հրաշալիքներէն մէկը եղող համակարգչային արհեստագիտութիւնը, իր բազում բարիքներուն կողքին, վերածուած է պատուհասի, ստեղծած է արագօրէն աճող գործազրկում եւ անոր բազում հետեւանքները…
Թուենք քանի մը օրինակ, որպէսզի չմնանք տեսականի ոլորտին մէջ։
Համակարգչային արհեստագիտութիւնը մուտք գործած է ճարտարարուեստի աշխարհ եւ լայնօրէն փոխարինած է մարդը. ինքնաշարժի կամ այլ անխուսափելի կարիքներու արտադրիչներ այսօր նուազագոյնի իջեցուցած են մարդկային ձեռքի կարիքը, որովհետեւ համակարգիչներով բանող սարքեր կը գործեն միայն նուազագոյն թիւով մասնագէտ հսկիչներով, տեսականօրէն՝ շատ աւելի ճշգրիտ կերպով, առանց յոգնելու եւ… վարձատրութեան յաւելում պահանջելու։ Դրամատուներ եւ առեւտրական մեծ հիմնարկներ հազարաւոր պաշտօնեաներ-աշխատող ձեռքեր գործէ կ’արձակեն յաճախակի կերպով, որովհետեւ համակարգչային սարքեր, աւելին՝ հեռաձայնի գործիքներ փոխարինած են զանոնք ու արագօրէն կ’իրականացնեն դրամատնային գործառութիւններ։ Ի դէպ, սա միայն մէկ երկրի հարց չէ. գործէ արձակման ալիքները երկրէ երկիր կ’ապրին համաշխարհայնացման իրենց տարբերակը։ Անցնինք։ Կառատուներու մուտքին այլեւս հազուադէպօրէն կը տեսնենք մուտք-ելք ստուգող գանձիչներ, որովհետեւ գանձումները նմանապէս կը կատարուին համակարգչային սարքերու միջոցով։ Ճաշարաններու մէջ ճաշի ապսպրանքներ ու վճարումներ ալ հետզհետէ կը յարմարցուին սեղանին վրայ զետեղուած սարքերու։ Կարգ մը երկիրներու մէջ կառաշար փոխադրամիջոցներ կը բանին ինքնագործ՝ կառավարուելով համակարգչային դրութեամբ, յառաջիկայ տարիներուն այս դրութիւնը պիտի տարածուի նաեւ քաղաքամէջի փոխադրամիջոցներու վրայ, ուր գործի կրնան լծուիլ առանց մեքենավարի մեծ ու փոքր փոխադրակառքեր։ Օդակայաններու մէջ ու այլուր, կառատուներու մէջ արդէն փորձարկումի կ’ենթարկուին համակարգիչով բանող դրոյթներ, որոնք ինքնաշարժ մը որոշ յարկի մը վրայ տեղադրելու համար վարորդի պէտք չունին, ոչ ալ հսկողի։ Օդանաւով, կամ զանգուածային ճամբորդութեան այլ միջոցներու օգտագործման համար, մարդիկ ո՛չ միայն պէտք չունին օդակայան կամ ճամբորդական գրասենեակ մը դիմելու՝ տոմս ապահովելու համար, այլ կրնան ապահովումը կատարել տունը նստած, համակարգիչին կամ ձեռքի հեռաձայնին միջոցով։ Առօրեայ սննդամթերքի կամ այլ կարիքներու գնումն ալ կարելի է կատարել համակարգչային դրութեամբ, եւ այս դրութիւնը մեծ քաջալերանքի կ’արժանանայ մեծ վաճառատուներու կողմէ. մինչեւ իսկ ուսանելու համար տարածում գտած է հեռակայ դասախօսութիւններու եւ քննութիւններու դրութիւն։ Գրաւոր մամուլը, բարիքներ վայելելու կողքին՝ կը կրէ համակարգչայնացման (արդեօք նման բառ կա՞յ մեր բառարաններուն մէջ. ատենին արձանագրուեցաւ մեքենայացում եզրը) անբաղձալի հետեւանքները, որովհետեւ մարդիկ կը նախընտրեն թերթ մը կարդալ համակարգիչի կամ ձեռքի հեռաձայնի պաստառին վրայ (մէկ այլ հետեւանքն ալ այն է, որ մարդիկ կը յարին միայն խորագիրներ կամ դիմատետրեան ծաւալով՝ յաճախ անբովանդակ գրութիւններ կարդալու)։
Կարելի է շարունակել մարդը փոխարինելու համակարգչային սարքերու յաղթանակներուն ցանկագրումը, սակայն այս սեղմ ցուցակն ալ վստահաբար բաւարար է՝ լուսարձակի տակ բերելու այն տագնապը, որուն ականատես ենք օր աւուր, անոր դաժան հետեւանքները իրենց մորթին վրայ ու կեանքին մէջ կը զգայ աստիճանաբար աճող «դասակարգ» մը, որ կը կազմուի անգործներու եւ բնակարանէ զրկուածներու բանակներով, այդ ալ՝ իբրեւ բարգաւաճ ճանչցուած երկիրներու մէջ։ Փոքր փակագիծ մը բանալով՝ արձանագրենք նաեւ, որ համակարգչային եւ ընդհանրապէս արդի արհեստագիտութեան պտուղներուն տարածումն ու տիրապետութիւնը իր անխուսափելի բաժինը-դերը կ’ունենայ ապրուստի սղութեան ալիքին վրայ։ Հարցը միայն հոն չէ, թէ առօրեայ՝ սննդամթերքի կամ հագուկապի նիւթերը սղած են ու սղաճ կը պատճառեն, այլ մանաւանդ այն՝ որ զանգուածներ հարկադրուած են քայլ պահելու արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն հետ, օրինակ, ձեռք բերուած հեռաձայնի սարք մը կամ համակարգիչ մը մէկ-երկու տարիէն կը դառնայ «հնադարեան» ու անգործածելի, հարկադրելով, որ նորով մը փոխարինուի, եւ, գիտե՛նք՝ մի՛շտ աճող սակերով. նոյնը կը պատահի ինքնաշարժներու եւ այլ սարքերու պարագային (չենք զարմանար, չենք ալ մտածեր, թէ այսօր ինչո՞ւ պէտք է տասնապատիկը կամ աւելին վճարել ինքնաշարժի մը համար, որ քանի մը տասնամեակ առաջ շատ աւելի դիւրամատչելի սակով կը տրամադրուէր, ու այս բոլորին կու տանք «զարգացում», «կեանքի մակարդակի բարձրացում» ու նման անուններ, մոռնալով, որ ինքնաշարժ մը… բնակարան չէ, եւ անոր համար պէտք չէ վճարուի այնպիսի գումար մը, որ տասնամեակներ առաջ կը վճարուէր բնակարան մը գնելու կամ գոնէ կանխավճարն ու պարտքին մէկ կարեւոր համեմատութիւնը հատուցելու համար…)։
Երկու բառով ընդգծենք, որ մեր նշած՝ ընկերային փլուզումին միակ պատճառը համակարգչային արհեստագիտութեան բացասական երեսը չէ, սակայն կը բաւականանանք՝ այս մէկը բերելով լուսարձակի տակ, որովհետեւ քաղաքական եւ տնտեսական այլ գործօններ՝ մեր քննարկումը պիտի տանին տարբեր ուղղութիւններով։
ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՏԱՐԱԾՔՆ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Վերադառնանք մեկնակէտ, անգամ մը եւս մատնացոյց ընելու համար, որ համակարգչային արհեստագիտութիւնը որքանո՛վ դարձած է տիրապետող, եւ իր բարիքներուն կողքին՝ ինչպիսի՛ դժուարութիւններ կը ստեղծէ զանգուածներու, արտադրող աշխատողներու կեանքին մէջ, զանոնք առաջնորդելով ընկերային տագնապներու։ Տակաւին, իր ստեղծած դիւրութիւններուն դիմաց, արդի արհեստագիտութիւնը յաճախ կը հարկադրէ, որ աշխատաւոր-պաշտօնեան այսօր յաճախ աւելի երկար ժամեր աշխատի, համեմատաբար վարձատրութեան փոքր յաւելումով, որպէսզի փակէ գործազրկուողներուն ստեղծած բացը, կամ, տակաւին՝ կը հարկադրուի մէկէ աւելի աշխատանքներ յանձն առնել մէկէ աւելի աշխատատեղիներու մէջ, լիաժամին կողքին կատարել նաեւ յաւելեալ գործ մը, որպէսզի կարենայ հոգալ ընտանիքին նուազագոյն կարիքները։ (Աշխատավարձի, նուազագոյն վճարումի հարցը, բնականաբար, յարակից պարագայ է, սակայն չենք ուզեր խորանալ անոր մէջ, այլ կը բաւականանանք այս արագ նշումով)։
Մեքենան ու համակարգիչը հնարուած են, նորարարութիւնները իրականացած են ու պիտի կատարուին՝ մարդուն կեանքը դիւրացնելու եւ անոր բարօրութիւն ապահովելու համար, մինչդեռ թէ՛ անցեալին եւ թէ ժամանակակից աշխարհին մէջ, ընդհանրապէս տեղի կ’ունենայ հակառակը, անկէ օգտուողներուն համեմատութիւնը կը մնայ փոքր, վատ հետեւանքները կրողներու զանգուածը աճ կ’արձանագրէ։
Այս վիճակները մարդուն եւ անոր կեանքը վարողներուն ուղղուած՝ աննախընթաց մարտահրաւէրներ չեն. պատմութիւնը վկայ՝ որ մարդիկ, աշխատող զանգուածներ նման մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուած են անցեալ դարերուն ալ, սակայն մարդկային միտքը, ընկերաբանական աշխարհին ծառայող գաղափարական մարդիկ ու առաջնորդներ գործած են ի խնդիր նմանօրինակ տագնապներու լուծման, պայքարած են անհաւասարութեան դարմանումին ի խնդիր, եւ իրենց արձանագրած յաջողութիւններով բարելաւում բերած են մարդոց կեանքին։ Այդ զարգացումներուն կ’արժէ անդրադառնալ առանձին, որոշ մանրամասնութիւններով, մի՛շտ մնալով ուրուագծայինի սահմաններուն մէջ։
Սարգիս Մահսերէճեան