Արդարադատութեան նախարարը «Սահմանադրական Դատարանի մասին» օրէնքի փոփոխութիւն կ’առաջարկէ, ըստ որուն Սահմանադրական Դատարանի դատաւորները մինչեւ 31 Հոկտեմբեր 2019 հրաժարական ներկայացնելու պարագային կը պահպանեն հրաժարականի պահուն իրենց ունեցած աշխատավարձը եւ այլ ընկերային երաշխիքները, իսկ պաշտօնավարման տարիքը ամբողջանալէն վերջ կ’օգտուին դատաւորի համար օրէնքով սահմանուած կենսաթոշակէն:

Անդրադառնալով այս օրէնսդրական նախաձեռնութեան` ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան ապացուցեց, որ քաղաքական իշխանութիւնը դատական համակարգը սեփականաշնորհելու համար ամէն ջանք ի գործ կը դնէ:
«Սկզբնապէս փորձելով Սահմանադրական Դատարանի սեփականաշնորհում եւ չկարենալով հիմա կը դիմեն այլ տարբերակի: Իշխանութիւնը օրէնքի տեսքով ակնյայտ փտածութեան առաջարկ կը ներկայացնէ դատաւորներուն, որ անթոյլատրելի, միեւնոյն ժամանակ` ստորացուցիչ առաջարկ է: Սահմանադրական Դատարանի այն անդամները, որոնք կ’ընդունին այդ առաջարկը, յստակօրէն փտածութեան գործարք կ’ընեն», յայտնեց Ի. Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ այս քայլը իշխանութիւններու գործողութիւններուն տրամաբանական շարունակութիւնն է, եւ այսպիսով անգամ մը եւս քաղաքական իշխանութիւնները կ’ապացուցեն, որ իրենք պատրաստ են ամէն տեսակ քայլ առնելու, նոյնիսկ անբարոյական առաջարկներու` դատական համակարգը վերջնականապէս սեփականաշնորհելու եւ նուաճելու համար:
«Սա իրենց համար անհրաժեշտ է, որովհետեւ դատական համակարգին լիակատար տիրապետելը իշխանութիւններուն հարկաւոր է իրենց անձնական – քաղաքական շահերը սպասարկելու համար: Այս գործողութիւնները, խորքի մէջ, կ’ոչնչացնեն դատական համակարգը, որ անընդունելի է եւ դատապարտելի», եզրափակեց ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը: