ՇԱՀԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ԱՄԷՆԷՆ ՇԱՏ ՍԻՐԱԾ ԲԱՌԵՐԷՆ ՄԷԿԸ՝ «ԲՆԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ»

   Շատ տարիներ առաջ, երբ տակաւին ճեմարանական ուսանող էի, դպրոցին գրադարանը պրպտելու ատեն՝ պատահաբար իմ դիմաց գտայ «Բնազանցութիւն» անունով գիրք մը։ Հեղինակ՝ Շահան Ռ. Պէրպէրեան։

   Օ՜Ֆ, ի՛նչ տարօրինակ ու անհասկնալի վերնագիր մըն էր ասիկա։ «Բնազանցութի՞ւն»…։ Արդեօք ի՞նչ կը նշանակէր այս բարդ բառը։

   Փորձեցի քանի մը հատուած կարդալ հոսկէ-հոնկէ, բայց…«չստացուեց»։ Զգալի էր սակայն, որ գիրքը կ’առնչուէր փիլիսոփայական նիւթի մը։ Իսկ ես, այդ օրերուն, փիլիսոփայելու տրամադրութիւն չունէի բնա՛ւ…։ Գիրքը իր տեղը դրի ու իմ պրպտումները շարունակեցի մնացեալ մատեաններու ովկիանին մէջ։

   Տարիներ յետոյ, երբ քիչ մը աւելի հասուն ու գիտակից տարիք մը թեւակոխեր էի, այդ միեւնոյն «Բնազանցութիւն»ը կարդացի ծայրէ ի ծայր։

   Առ այսօր, յստակօրէն կը յիշեմ թէ խո՛րապէս տպաւորուեր էի հեղինակին իմաստասիրական գաղափարներէն ու սահուն ոճէն, նաեւ՝ իւրայատուկ բառամթերքէն, որ անշուշտ նախապայման էր այսպիսի մասնագիտական գիրք մը շարադրելու համար։

   Այդ օրէն ասդին այլեւս վերիվարոյ գիտեմ, թէ ի՞նչ է բնազանցութիւնը։ Օտար բառով՝ «մեթաՖիզիք»։

   Բնազանցութիւնը այն փիլիսոփայական գիտութիւնն է, որ գրեթէ կ’անտեսէ գիտական իրականութիւններն ու օրէնքները ու անոնց տեղ՝ յառաջ կը մղէ փիլիսոփայական մտածելակերպ մը։ Բառը՝ «բնազանցութիւն», արդէն կազմուած է «բնութիւն» եւ «զանցել» (առ ոչինչ համարել, անգոյ սեպել) բառերէն, որովհետեւ փիլիսոփայական այս մտածելաձեւը Կ‏’ԱՆՑՆԻ բնութեան երեւոյթներուն վրայէն ԴԷՊԻ ԱՒԵԼԻ ԱՆԴԻՆ ու այդ երեւոյթները կը բացատրէ ո՛չ թէ գիտութեամբ կամ գիտական փորձերով, այլ՝ մտածումո՛վ։

   Միջազգային գետնի վրայ՝ բնազանցական փիլիսոփայութեան յայտնի դէմքեր են գերմանացի Էմմանուէլ Քանթն ու Հէկէլը, հոլանտացի Սփինոզան, Ֆրանսացի Տէքարթն ու Ժան-Փօլ Սարթրը եւ այլն։

   Հիմա կը մտածեմ, որ աշխարհի բոլոր կրօնքներն ալ տեսակ մը բնազանցական փիլիսոփայութիւններ են։ Կարելի՞ է, զորօրինակ, Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցել գիտական անհերքելի ու շօշափելի փաստերով։

  Զգո՜յշ, իմ այս հարցադրումը թող չգայթակղեցնէ մաքրակրօն հաւատացեալները։ Ե՛ս ալ հաւատացեալ մըն եմ ու անշեղօրէն կառչած՝ Հայց. Եկեղեցւոյ դաւանանքին ու ժառանգութեան։

   Օրինակ կ’ուզեմ բերել Օրմանեան պատրիարքը, որ աստուածաբանութեան հմուտ դասախօս էր Արմաշու դպրեվանքին մէջ։

   Իր աշակերտները կը պատմեն որ ան դասարան կը մտնէր ու ամբողջ ժամ մը բազմաթիւ տուեալներ կը շարայարէր՝ ապացուցելու համար Աստուծոյ գոյութիւնը։

Յաջորդ դասապահին, նո՛յն Օրմանեանը, այս անգամ ալ իր աշակերտներուն կ’ուղղէր հետեւեալ հարցումը.

   -Հիմա ալ եկէ՛ք թուենք այն տուեալները, որոնք ԿԸ ՀԵՐՔԵՆ  աստուծոյ գոյութիւնը…

   Շահան Պէրպէրեան «բնազանցութիւն» կոչուած այս հետաքրքրական փիլիսոփայութեան վարագո՛յրն է որ, ահաւասիկ, բացած էր իր բազմահարիւր աշակերտներուն դիմաց։

   ԵՐԲ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

   ԿԸ ՅԱՅՏՆԷՐ ՇԱՀԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻՆ

   Եթէ նկատի ունենանք, որ 1907-ին Շահան Պէրպէրեան անմիջապէս փոխարինած էր իր հայրը՝ անոր մահէն ետք, դասեր ստանձնելով Պէրպէրեան վարժարանի յարկէն ներս, ուրեմն՝ 1947-ին կը լրանար իր կրթական ու մտաւորական գործունէութեան 40-ամեակը։

   40 տարի ուսուցչութիւն՝ Պոլսէն Գահիրէ, Գահիրէէն Երուսաղէմ, Երուսաղէմէն Անթիլիաս, այդ քառասնամեակին մէջէն զանց առնելով միայն համալսարանական ուսման այն երեք տարիները, որոնք Սորպոն տարեր էին զինք։

   Եգիպտահայութիւնը առաջինը եղաւ, որ պատշաճ շուքով ուզեց տօնախմբել այս յոբելեանը, զայն դնելով Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց հայրապետին բարձր հովանաւորութեան տակ։

   Գահիրէի հայութիւնը ճիշդ տասը տարի վայելած էր Պէրպէրեան վարժարանին բարիքները, երբ անիկա փակելէ ետք իր դռները Պոլսոյ մէջ՝ եկած ու ապահով կայք գտած էր Նեղոսի ափին։ Եգիպտահայ աշակերտներու երամակներ տոհմիկ շունչ ու գիտական միտք ստացեր էին Պէրպէրեան եղբայրներու հովանիին տակ։

   Հիմա, ուրեմն, պէտք էր գնահատել Շահան Պէրպէրեանը։

   Ուստի, Գահիրէի մէջ կը կազմուէր «Յոբելենական Կեդրոնական Յանձնախումբ» մը, որ յայտագրեր կը պատրաստէր ու մամուլի մէջ տպուած հաղորդագրութիւններով՝ տեղեակ կը պահէր հանրութիւնը իր ծրագրին մասին։ Այս առթիւ՝ Անթիլիասէն Գահիրէ կը հրաւիրուէր յոբելեարն ալ։

   Մեծարանքի այս հանդէսը կը կայանար 11 Մայիս 1947-ին, Գահիրէի Լիսէ Ֆրանսէի դահլիճին մէջ, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան, նախագահութեամբ առաջնորդ Մամբրէ արք. Սիրունեանի։ Պէրպէրեանի նախկին բոլոր սաներն ալ հոն էին այդ օր, իրենց երբեմնի տնօրէնին եւ ուսուցիչին շուրջբոլորը։

   Բացման խօսքը կ’արտասանէր գեղանկարիչ Օննիկ Աւետիսեան, իսկ գլխաւոր բանախօսը կ’ըլլար մամլոյ աշխատակից ու կրթական մշակ Քերովբէ Կոստանդեան, յոբելեարին նախկին սաներէն մին։ Ան կը յայտնէր թէ ճիշդ քառասուն տարի առաջ էր որ մուտք գործած էր Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, երբ դեռ պր. Ռեթէոսին մահուան քառասունքը չէր լրացած, ու իր դիմաց գտած էր 16 տարեկան ուսուցիչ մը, որ Շահան Պէրպէրեանն էր, եւ որուն հետ գրեթէ տարեկիցներ էին աշակերտները…։ Ու կատակով մը կ’աւելցնէր.«Անբնական կացութիւնը իմինս չէր։ 16 տարեկանին աւելի բնական է կրտսեր դասարանի աշակերտ ըլլալ, քան թէ աւագ-երիցագոյն կարգերու մէջ՝ իմաստասիրական ճիւղերու դասախօս, այն ալ՝ Ռեթէոս Պէրպէրեանի ամպիոնին վրայ» (տես «Արեւ» օրաթերթ, 17 Մայիս 1947)։  Կը յիշեցնէր, թէ այդ առաջին անմոռանալի դասապահերուն՝ պր. Շահան ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանել տուած էր իրենց Վ. Հիւկոյէն ու Ֆրանսուա Քոփէէն քանի մը ոտանաւորներ..։

  Հանդէսին գեղարուեստական յայտագրին մէջ կտորներ կ’երգուին Դ. Վարուժանէ, Մեծարենցէ եւ Ժագ Յակոբեանէ՝ դաշնաւորուած նոյնինքն յոբելեարին կողմէ։

   Հետաքրքրական պարագայ մըն ալ հետեւեալն էր.- մինչ Գահիրէի մէջ հանդիսաւորապէս կը նշուէր Շահան Պէրպէրեանի քառասնամեայ գործունէութեան յոբելեանը, անդին՝ Պոլսոյ մէջ, գրեթէ նոյն օրերուն, պոլսահայութիւնը կ’ոգեկոչէր ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի մահուան քառասնամեակը։ «Մարմարա» օրաթերթը, զորօրինակ, անմահ դաստիարակին կը ձօնէր յատուկ թիւ մը, ուր բովանդակալից գրութիւններով իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին անոր նախկին սաներէն Յովհ. Հինդլեան, Գ. Գ. ԳավաՖեան, Ստեփան Բաբելեան, Վահան Խիւտավերտեան, Աշոտ Մատաթեան եւ ուրիշներ։

   Երբ կը պրպտէինք հայ հին մամուլը՝ Շահան Պէրպէրեանի յոբելեանին առթիւ գրուած յօդուածներ յայտնաբերելու ակնկալութեամբ, հանդիպեցանք մէկ քանի անորոշ ակնարկներու, որոնք ենթադրել կու տային մեզի, թէ Պէրպէրեանի յոբելեանը պիտի նշուէր Ամերիկայի մէջ եւս։ Շօշափելի տուեալներ չունեցանք այդ մասին։ Ձեռքի տակ ունեցանք սակայն Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ «Հայաստանեայց Եկեղեցի» ամսաթերթին 1947-ի Հոկտեմբերի թիւը, ուր Ա. Ա. Ա. ստորագրութեամբ յօդուածագիր մը (յայտնապէս՝ Պէրպէրեանի երբեմնի աշակերտներէն մին), ուսուցչապետին յոբելեանը կ’ողջունէր շահեկան արժեւորումներով։ Ան կը գրէր.

   – Հանդարտութիւնն ու համեստութիւնը տիրական այն երկու գիծերն են, որոնք կը գրաւեն ուշքը  զինք առաջին անգամ ճանչցող աշակերտի մը։ Դժուար թէ այդպիսին մտածէ պահ մ’իսկ՝ թէ կը գտնուի դիմացը մարդու մը, որ Պէրկսոնի նման աշխարհահռչակ մտքի մը հեղինակաւոր գովեստին արժանացած է, իր ուսանողութեան շրջանին ի Սորպոն։ Նոյնքան դժուար է թերեւս հաւատալ, թէ Շահան Ռ. Պէրպէրեան տասնեօթ տարեկանին իմաստասիրական նիւթեր աւանդած է տարիքով եւ հասակով իրմէ աւելի բարձր աշակերտներու։

   Գաղտնի՞քը այս հմայքին։ Հռետոր մը չէ ինք, ոչ ալ բառերու աճպարար մը։ Կրնանք նոյնիսկ ըսել, թէ տժգոյն է իր բառարանը, գիտական ըլլալու չափ սահմանափակ։ Եւ սակայն յստակութիւնը իր մատուցումին, համոզումի շեշտը իր հաստատումներուն, եւ ոգեղէն արժէքներու հանդէպ իր ցոյց տուած աննահանջ պաշտանքը  մեծ դեր ունէին այդ հմայքը  ստեղծելու մէջ։ Ո՛չ մէկ կերպով կարելի էր հակասութիւն մը գտնել իր մօտ։ Շուրջ տասը իմաստասիրական ճիւղեր, զորս կ’աւանդէր երեք տարուան շրջանի մը մէջ, մէկզմէկու այնպէս մը շաղկապուած էին իր սիսթեմին մէջ իբրեւ լրացուցիչ մասեր իրարու, որ յաճախ  ճիւղի մը առթիւ ակնարկութիւն կ’ընէր ուրիշ մէկ ճիւղի եւ ընդհանուր պատկերին մէջ՝ երկուքին իրարու հետ ունեցած աղերսը յստակօրէն կը գծէր։

   Կասկած չկար, որ Պէրպէրեան շահած էր ո՛չ միայն իր բազմահարիւր աշակերտներուն համակրանքը, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին երախտիքը։

(Շարունակելի – 4)

Լեւոն Շառոյեան