Մարդկային կենսափորձով ապացուցուած է, որ ճշմարիտ ուսման եւ կրթութեան կարելի է տիրանալ ոչ միայն ամէնօրեայ կարիքներ եւ պահանջներ բաւարարելու հետամտութեամբ, այլ գլխաւորաբար նոյնինքն կրթութեան նկատմամբ անխառն եւ անշահախնդիր սէր տածելով։ Անշուշտ՝ այս իրողութիւնը կ’առնչուի նաեւ մարդու մտաւոր կրթութեան կամ զարգացման, որ առարկայական կերպով կը ներդաշնակուի եւ զուգահեռներ կը ստեղծէ ճշմարտութեան ձգտման հետ։

Ան որ ճշմարտութեան հասնելու ծարաւ ունի իր սրտին, բացարձակապէս ուրիշ բան չի ցանկար եւ աւելի վեհ իտէալի չի նկրտիր քան հարազատ ճշմարտութիւնը։

Ճշմարտութեան հանդէպ մարդու սէրն ու բաղձանքը այնքան բուռն եւ ջերմ պէտք է ըլլայ, որ սրբազան պաշտամունքի բարձրակէտին պէտք է հասնի, անհունօրէն երջանկացնելով անոր (ճշմարտութեան) գորովով եւ հրայրքով բռնուած ենթական։

Ճշմարտութիւն նուաճելու հեռանկարը ծայր աստիճան անաչառութիւն, անշահախնդրութիւն եւ անձնուրացութիւն կ’ենթադրէ։

Ճշմարտութեան երկրպագուներ եւ անոր զօրութեամբ համակուած յանձնառու անձիք պէտք չէ մտահոգուին այդ ճշմարտութեան հետեւող արդիւնքներու հաշւոյն, անոնք ըլլան դրական թէ բացասական, օգտակար թէ վնասակար, այլոց տեսլականներուն եւ սպասումներուն համապատասխան կամ ոչ։

Ճշմարտութիւնը ամէնուրեք եւ միշտ բարձր վսեմ, դժուարամատչելի, բայց միանգամայն պահանջ է եւ անժխտելի անհրաժեշտութիւն։

Ճշմարտութիւնը յարատեւօրէն երջանկութիւն կը պարգեւէ մեզի, ան կը յաճախէ եւ ծառայութիւն կը մատուցանէ միայն այն մարդուն, որ իսկապէս բարեկամ է անոր (ճշմարտութեան) եւ գիտէ արժեւորել ու գնահատել զայն։

Անտարակոյս՝ լիակատար ճշմարտութիւնը կը խուսափի մեզմէ երբ անոր կը մօտենանք օգտագործումի տրամաբանութեամբ կամ զայն շահարկելու նպատակադրութեամբ, ինչ որ կը հարկադրէ մեզ բախտաւոր պարագային բաւականանալ միայն իրականութեան շղարշով, կամ անոր աղաւաղեալ դիմագիծով։ Ի հարկէ՝ առանց խորասուզուիլ կարենալու եւ պեղելու ճշմարտութեան ընդերքը եւ թափանցելու անոր հոգւոյն եւ էութեան խորքը։

Ճշմարտութեան նկատմամբ անխախտ հաւատքն ու անխարդախ սէրը, ինչպէս նաեւ անոր հասնելու անկեղծ եւ անհակակշռելի ցանկութիւնը իրաւ ցուցանիշներն են ազնուական եւ բարոյական բարձունքի ձգտող անբասիր մարդուն։

Ճշմարտութիւնը հոգեկան իսկական սնունդ է եւ կենարար աղբիւր, որուն տիրապետելու մղումը միայն կարելիութիւնը կ’ընձեռէ մեզի վերափոխելու եւ բարձրացնելու մարդը, այն աստիճան որ ան նմանի գեր-էակի եւ ճշմարտութիւնը դառնայ անոր հոգեկան սեփականութիւնը։

Հարկ է հեռու կենալ եւ ինքնապաշտպանուիլ սուտէն, կեղծիքէն, սնահաւատութենէն, կանխատրամադրութենէն, դատարկաբանութենէն, եւ բազում այն չարիքներէն, որոնք կը համարուին մարդկային ցեղի ամենայոռի ունակութիւններն ու ամենադաժան թշնամիները։ Միաժամանակ՝ հարկ է ջանք չխնայել հասնելու ճշմարտութեան, որովհետեւ երկրագունդի վրայ ոչ մէկ հարստութիւն, դոյզն չափով իսկ կարելի չէ համեմատել ճշմարտութեան նշանակութեան եւ արժէքին հետ։ Այլ խօսքով՝ բանականութեան եւ կամքի բովանդակ ուժով ճշմարտութիւն որոնելն ու նաեւ անոր ծառայելը պէտք է հանդիսանայ մարդ արարածին մեծագոյն կոչումը։ Տիեզերքի տարածքին ճշմարտութիւնը կը վայելէ անսահման իշխանութիւն եւ տիրակալութիւն, ու կը մերժէ ամէն տեսակի ենթակայութիւն։

Ճշմարտութիւնը հետապնդելով, ինչպէս եւ անոր հետ նոյնանալու անդուլ ճիգով է որ մարդկութիւնը ձեռք կը ձգէ զայն։ Բնականաբար այս բոլորը կը բխին ճշմարտութեան լրիւ ընկալումէն, որ իր խորքով եւ էութեամբ կը մնայ սոսկ հոգեկան հասկացողութիւն։ Հանգամանք մը՝ որ ճշմարտութեան բարեմասնութիւններուն, վեհութեան եւ անպատկերելի գեղեցկութեան նկատմամբ անպարագիծ համարումն ու անչափելի համակրանքը կը դարձնեն ազնուագոյն հրամայական եւ մտասեւեռում։

Տարօրինակ չէ որ բնականութիւնը մերժող, թուլակամ եւ շեղ նկարագրով ողորմելի մարդիկ ճգնին ամէն գնով հրաժարիլ ճշմարտութեան որոնումէն, ապաւինելով անհիմն պատճառաբանութիւններու, կողմնակալ դատողութիւններու եւ անտրամաբանական վերլուծութիւններու։ Նոյնաժամանակ՝ զարմանալի չէ որ այդպիսի վատոգի էակներ երկրի վրայ գերիշխող յետադիմական բարքերու եւ նախապաշարումներու անտեսումը, ինչպէս նաեւ դէպի ճշմարտութիւն հակումը համարեն մարդկային կեանքի բարեշրջումն ու յառաջդիմութիւնը սանձահարող անբաղձալի երեւոյթներ։

Նմանօրինակ տխեղծ մտածողութիւնը կարելի է դիմակալել միմիայն ճշմարտութեան հանդէպ սիրոյ, պաշտամունքի եւ հաւատարմութեան մշտական վերահաստատումով. եւ այդ՝ նոյնիսկ եթէ ճշմարտութիւնը չի համընկնիր մեր շահերուն, նախընտրութիւններուն, դաւանած սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն, ու տեւաբար կը յարուցանէ աննախատեսելի բազում դժուարութիւններ եւ անպատեհութիւններ։ Աւելին՝ մինչեւ իսկ եթէ այդ ճշմարտութիւնը կը պարտաւորէ մեզ ձերբազատուիլ մեր ամենանուիրական համոզումներէն եւ հաւատալիքներէն։ Իսկ որեւէ պարագայի բացարձակապէս անընդունելի է հակադրուիլ ճշմարտութեան, խեղաթիւրել զայն, պայքարիլ եւ թշնամական կեցուածք որդեգրել անոր դէմ՝ ստուերելով կամ քողարկելով իրականութիւնները։

Անշահադէտ ճշմարտութիւնը միանգամայն ամենաապահով երաշխիքն է կրթութիւն եւ գիտութիւն ստանալու համար։

Թէեւ սէրը հիմնական եւ անշրջանցելի նախապայման կը նկատուի ճշմարտութիւնը հետազօտելու եւ նուիրականացնելու գործընթացին մէջ, այսուհանդերձ իրականութեան հասնելու համար սոսկ սէրը անզօր եւ անբաւարար կը մնայ, որովհետեւ ճշմարտութեան մատչումն ու համակողմանիօրէն անոր իւրացումը հեշտութեամբ եւ անխափան ընթացքով իրագործելի չէ։ Միւս կողմէ՝ ճշմարտութիւնը յստակ, բացայայտ եւ ուղղակիօրէն տրամադրելի չէ որեւէ մէկուն. առաւել՝ զայն կարելի չէ անմիջականօրէն քաղել մարդոց շրթներէն կամ գիրքերու եւ հատորներու էջերէն, այլ հարկ է արծարծուած մտքերը պարզել, կնճիռները հարթել, նախանշանները վերծանել… մեկնաբանելու համար անոնց ետին թաքնուած իսկական խորհուրդը։ Տարբեր իմաստով՝ ճշգրիտ ընկալումի, գիտելիքներու եւ իմացութեան տէր դառնալու համար կենսական է ուսումնասիրել եւ ստուգել ներկայացուած հարցերու եւ երեւոյթներու իրաւացիութիւնը, կամ այն ինչ՝ որ իբրեւ ճշմարտութիւն կ’առաջարկուի մեզի։

Առ այդ՝ պարկեշտ եւ պատուական անձնաւորութեան մը համար ճշմարտասիրութիւնը պատիւ է եւ հպարտառիթ առաքինութիւն։

Խաչիկ Շահինեան