ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՔԱ՞Ն ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ հաստատած են , որ մանուկին ուղեղի բջիջները աւելի լաւ կ’աճին, երբ ան փոքր տարիքէն դասական երաժշտութիւն ունկնդրէ: Բայց երբեմն ծնողներ պատճառաբանելով, որ իրենց զաւակը բաղաձայն է, երաժշտական լսողութիւն չունի կամ տան մէջ դաշնամուր դնելու յարմարութիւն չունի իրենց զաւակները կը զրկեն երաժշտական դպրոց յաճախելէ:
Շարք մը պատճառներ, որոնք կը մատնանշեն, թէ ինչո՛ւ համար մեր զաւակը պէտք է երաժշտական կրթութիւն ստանայ.
1-Երաժշտութիւնը կը ձեւաւորէ աշխատելու կարողութիւնը: Երաժշտանոցին մէջ մանուկը կը սորվի իր աշխատանքը ճշդուած ժամկէտին աւարտել: Ան իր փորձերը կը կատարէ՝ նշանակուած օրը քննութեան կամ համերգին մասնակցելու համար:
Երաժշտական որեւէ կտոր նուագելու ընթացքին փոքրիկը կը սորվի համբերութիւն: Երաժշտութիւնը կը սորվեցնէ նաեւ մտածել ու ապրիլ միաժամանակ քանի մը ուղղութեամբ:
2-Երաժշտական փորձերը փոքրիկը կը դարձնեն կարգապահ:
Երաժշտական որեւէ գործիքի տիրապետելու համար պէտք է անդադար եւ օրինաւոր կերպով աշխատիլ: Երաժշտութիւնը կը ձեւաւորէ փոքրիկին բնաւորութիւնը՝ զինք դարձնելով աւելի կարգապահ:
3-Երաժշտական կրթութիւն ունեցող փոքրիկը օտար լեզուներ դիւրաւ կը սորվի: Երաժշտական կրթութիւն ունեցող փոքրիկը աւելի լաւ կը խօսի, կը գրէ, դիւրաւ կը յիշէ օտարալեզու բառերը եւ կ’իւրացնէ քերականութիւնը:
4-Երաժշտութիւնը կը զարգացնէ թուաբանական ունակութիւնը:
Փորձերու ընթացքին մանուկը ձեռք կը բերէ տարածական մտածողութիւն՝ յիշելով նոթերը ու ճշգրտօրէն կը նուագէ զանոնք: Ան կը սորվի, որ երաժշտական որեւէ կտոր կը նմանի թուաբանական ապացոյցներու՝ այսինքն պէտք է ճշգրիտ նուագել, այլապէս արդիւնքը սխալ կ’ըլլայ:
Պատահական չէ որ Օքսֆորտի փրոֆեսորներուն 70 առ հարիւրը համալսարանական երաժշտական ակումբի անդամներ են:
5-Հաղորդակցելու հմտութիւները կը զարգացնէ:
Պատանին նուագելով Պախի, Մոցարթի, Չայքովսկիի եւ մնացեալ երգահաններուն ստեղծագործութիւնները պիտի փորձէ փոխանցել հեղինակին ներաշխարհը եւ ապրումները: Ուստի երաժշտական փորձերու ընթացքին փոքրիկին մօտ կը ձեւաւորուի երաժիշտին հետ հաղորդակցելու հմտութիւն:
6-Երաժշտութիւնը կ’օգնէ կողմնորոշուելու քանի մը ուղղութիւններով:
Նուագելու ընթացքին նոթերու հետեւող դաշնակահարը միեւնոյն ժամանակ քանի մը գործ կը կատարէ, յիշելով անցեալը կը նայի դէպի ապագայ եւ կը ղեկավարէ ներկան: Երաժշտութիւնը պէտք է ընթանայ իր կշռոյթով եւ դաշնակահարը պէտք է չշեղի այդ կշռոյթէն:
Վերոյիշեալ արժանիքները ձեռք բերելու համար մանուկը պէտք է կապի մէջ մնայ երաժշտութեան կամ որեւէ արուեստի հետ: Մենք որպէս ծնողք, եթէ կը փափաքինք որ մեր զաւակը արուեստասէր ըլլայ, անոր հետ մեկնինք համերգներու եւ ելոյթներու, տան մէջ դասական երաժշտութիւն ունկնդրենք, գեղանկարիչներու ցուցահանդէսներ  այցելենք եւ այլն:
Այս բոլորէն ետք, մեր փոքրիկին պէտք է հարցնել նաեւ, թէ երաժշտական ի՞նչ գործիք կը փափաքի նուագել: Չմոռնանք, որ պարտադրանքով երաժշտանոց յաճախող փոքրիկը բացասաբար կը տրամադրուի երաժշտութեան հանդէպ:
Քաջալերենք մեր զաւակները երաժշտութեան աշխարհ մուտք գործելու, որովհետեւ երաժշտութիւնը յաջողութեան հասնելու լաւագոյն միջոցն է:
ԽԱՂՈՂԻՆ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Դանիացի գիտնականներ խաղողի օգտակար յատկանիշ մը եւս բացայայտած են: Պարզուած է, որ խաղողի հատիկները դրական ազդեցութիւն կը ձգեն ոսկրային հիւսուածքներուն վրայ:
Խաղողի հատիկներուն մէջ գտնուող յատուկ նիւթը, լուծուելով մարդու օրկանիզմին մէջ, իւրայատուկ շինանիւթ կը դառնայ ոսկորներուն համար:
Պարբերաբար խաղող օգտագործող մարդիկ կ’ամրացնեն իրենց ոսկորները: Գիտնականները կը հաստատեն, որ անհրաժեշտ է օրական դրութեամբ ուտել մօտաւորապէս 250 կրամ խաղող:
Ինչո՞ւ պէտք է ամէն օր չափաւոր քանակով խաղող ուտել:
1. Շատ օգտակար է խաղողը ուտել կորիզներով. անոնք կը պարունակեն արեան բջիջները զօրացնող կենսանիւթեր եւ իւղ, կը պաշտպանեն օրկանիզմը ծերութենէ:
2. Օգտակար է նաեւ խաղողին կեղեւը. անոր բջիջային նիւթը կը նպաստէ նիւթափոխանակութեան եւ ստամոքսա-աղիքային թաղանդի մաքրումին:
3. Խաղողը նաեւ ախորժակ կը բանայ. անոնք որոնք ախորժակի հարցեր ունին, պէտք է նախքան ճաշը խաղող ուտեն:
4. Խաղողը կենսանիւթերով ու հանքային աղերով կը հարստացնէ արիւնը:
5. Սպիտակ խաղողը միզամուղ յատկութիւն ունի, կը կանխէ երիկամներուն եւ լեղապարկին մէջ քարերու յառաջացումը:
6. Սեւ խաղողը օգտակար է սրտանօթային համակարգին համար
7. Խաղողը բարերար ազդեցութիւն ունի նաեւ շնչառական ուղիներուն վրայ:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան