Ամբողջ տասնհի՜նգ տարի: Մանկութիւն եւ պատանութիւն անցընել դպրոցի մէջ: Կը պատկերացնէ՞ք դպրոցի կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ:
Դասարանիս ամէնէն փոքրն էի, այդպէս ալ մնացի մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարան: Փոքր ըլլալը այնքան ալ լաւ բան չէ կարծեմ:
Ինչո՞ւ անկեղծ չըլլամ: Երբ վարի կարգերն էի, զիս այնքան ալ չէին սիրեր դասնըկեր- դասընկերուհիներս, վրաս կը խնդային, քանի որ իրենցմէ փոքր էի: Այդ պատճառով չէի ուզեր դպրոց յաճախել: Բայց  տարուէ-տարի երբ դասարան բարձրացանք, օրերուն հետ աճեցանք մտքով եւ հասակով՝  ամէն ինչ փոխուեցաւ:  Բնաւորութեամբ այնքան իրարմէ տարբեր, բայց դպրոցական կեանքի նոյն հոգերով, նոյն մտածումներով  դարձանք հաւասար, միասնակամ ու իրարու հարազատ:   Ա՛լ չմնացին խաղերը, երբ զիս զինուոր կը դնէին,  ա՛լ չմնացին ա՛յն մրցումները, որոնց մէջ ես վերջինը կ’ելլէի, չմնաց ա՛յն մանկական ոգին, որ «Իմ կօշիկս քուկինէդ աւելի նոր է», կամ՝ «Ես քեզմէ աւելի մեծ բարենիշ պիտի ստանամ»:
Արդեօ՞ք երազ էին այդ ամէնը, ինչո՞ւ վերջ պիտի ունենան դպրոցական օրերը: Երբեմն կը մտածեմ, այսպէս է կեանքին  բնական ընթացքը, բայց  յետոյ՝ ո՞ւր թող երթան մեր խաղերը, ո՞ւր թող երթան մեր չարա-ճճիութիւնները,  եւ մանաւանդ՝ ո՞ւր  թող երթան դասընկերներ-դասընկերուհիները:  Թէեւ դասերը շատ յոգնեցուցիչ են, թէեւ դասապահերը վերջ չունին, բայց  հաւատացէ՛ք,  չեմ ուզեր բաժնուիլ այս  հրաշալի,  ոչ մէկ տեղի հետ բաղդատուող  միջավայրէն:  Ես պիտի փնտռեմ ամէն մէկ վայրկեանը, որ անցուցի, ամէն ա՛յն պահերը, երբ լացի ու խնդացի, ամէն մէկ անկիւնը, նստարանը, գրատախտակը, պատը…:  Եկէք համոզեցէ՛ք, որ կարելի է մոռնալ այս ամէնը:
Շա՜տ առաջ էր, երբ չէի սիրեր դպրոցը: Այո՛, կը համրէի տարիները, օրերը, թող վերջանան՝ ազատիմ ալ: Ազատի՞մ, ասկէ՞, այս հարազատ տեղէ՞ն: Ասկէ հարազատ տեղ կա՞յ:
Ծիծաղելի կը թուին մանկապարտէզի յիշատակներս: Իրապէ՛ս կը յիշեմ, թէ ինչպէս մայրս զիս հասցուց դպրոց, եւ ես ինչպէս լացի՛ ետեւէն: Կը յիշեմ առաջին վկայական առնելս, երբ շնորհաւորութեան ատեն ասոր ձեռքը կը բռնէի, անորը չէի ուզեր բռնել: Կը յիշեմ տակաւին, երբ կը հարցնէին ինծի, թէ քանիերո՞րդ կարգն եմ, կ’ըսէի՝ առաջին…. երբ կոկոն էի տակաւին: Կ’ուզէի շուտ մեծնալ, բայց հիմա կ’ըսեմ՝ երանի՜ պզտիկ մնայի, չե՛մ ուզեր մեծնալ…. չե՛մ ուզեր:
Ի՜նչ լաւ կ’ըլլար, եթէ ամէն ինչ մարդուն ուզածին պէս ըլլար:
Դպրոց մտայ լալով, ըսելով՝ «Չե՛մ ուզեր դպրոց, զիս տուն տարէ՜ք», հիմա, առանց արցունքի, բայց ամբողջ սրտովս՝ «Կ’ուզեմ դպրոցս մնալ, չեմ ուզեր ուրիշ տեղ երթալ»:
Արփի Ինճեճիքեան
(ԺԲ. Կարգ, 2017-2018 )    
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան