ՏԵՂԱԿԱՆ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Կիրակի, 4 Օգոստոսին, Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը (ֆետերասիոնը), ժողովրդական պահանջքին համաձայն, իր հրաժարականը ներկայացուց: Վերջին վեց ամիսներու ընթացքին համացանցի վրայ սուրիացի ֆութպոլասէր ժողովուրդը զանազան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ պահանջելով դաշնութեան եւ ֆութպոլի առաջին հաւաքականի մարզիչին հրաժարականը: Այս պահանջը շեշտուեցաւ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին, երբ Արեւմտեան Ասիոյ մրցումներու շրջագիծէն ներս, հաւաքականը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Լիբանանի կազմէն:
Աւելցնենք, որ համացանցի վրայ տեղի ունեցած բողոքի այս արշաւը չսահմանուեցաւ միայն ֆութպոլի դաշնութեան ուղղուած խօսքերով: Պահանջուեցաւ նաեւ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէի եւ պասքեթի դաշնութեան հրաժարականները: Տեղին է յիշել, որ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ մարզական բոլոր մարմիններու ընտրութիւնները:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ՄԻՆՉԵՒ 18 ՏԱՐԵԿԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Անտորայի մէջ վերջ գտաւ Եւրոպայի երրորդ մակարդակի աղջկանց մինչեւ 18 տարեկանի պասքեթի ախոյեանութիւնը, որուն աւարտին, Հայաստանի աղջիկները կրցան տիրանալ ախոյեանութեան բաժակին: Եզրափակիչ մրցումին, Հայաստան 79-73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մալթան: Իսկ կիսաեզրափակիչին 91-60 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոլտովան: Հաւաքականին մաս կազմեցին հետեւեալ խաղացողները՝ Մարի Մարգարեան, Քայլա Քիշմիշեան, Փաթիլ Եագուպեան, Տաթեւ Կոմէցեան, Անի Յովհաննէսեան, Շաքէ Պօղոսեան, Արեգնազ Օրուճեան, Էլէն Շահինեան, Քրիստինէ Օհանեան, Էմմա Մկրտիչեան, Իրա Դանիէլեան, Մէյրի Գրիգորեան. Հաւաքականի մարզիչն էր Վահագն Յարութիւնեան:
Աւելցնենք, որ Քայլա Քիշմիշեան ընտրուեցաւ մրցաշարքի լաւագոյն խաղացող, ինչպէս նաեւ Մարի Մարգարեան մաս կազմեց լաւագոյններու առաջին հնգեակին: Հայաստանի կազմը պարտութեան մատնեց նաեւ Անտորան 71-61, Վրաստանը 74-55, Ջիպրալթարը 63-33 արդիւնքներով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԿՈՒԱՐՏԻՈԼԱՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ԻՐ 28-ՐԴ ՏԻՏՂՈՍԸ
Անգլիոյ սուփըր բաժակի խաղին Մանչեսթըր Սիթին պարտութեան մատնեց Լիվերփուլը՝ 5- 4 արդիւնքով: Հանդիպումի հիմնական ժամանակաշրջանը 1-1 հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, խումբերը դիմեցին տուգանային հարուածներու, որոնց արդինքը ի նպաստ Սիթիին եղաւ: Սոյն տիտղոսը եղաւ Կուարտիոլայի մարզական կեանքի անհատական 28-րդ տիտղոսը: Սպանացի մասնագէտի յաղթարշաւի ցանկին մէջ կան 8 ազգային ախոյեանական տիտղոսներ, 3-ը Սպանիոյ Պարսելոնային հետ, 3-ը Գերմանիոյ Պաւարիոյ հետ եւ 2-ը Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթիի հետ: Ան ունի նաեւ 7 ազգային բաժակի կոչումներ՝ 2 Սպանիոյ, 2 Գերմանիոյ, 1 Անգլիոյ բաժակ, 2 անգլիական Լիկայի բաժակ, 5 սուփըր բաժակ, 3 Սպանիոյ, 2 Անգլիոյ: Եւրոպայի մակարդակով, Կուարտիոլան արձանագրած է նաեւ Չէմպիընզ լիկի կոչումներ:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՁԵՌՔ ՁԳԵՑ ԿԱՄՓԵՐԻ ԲԱԺԱԿԸ
Քաթալոնիական Պարսելոնան յաջողեցաւ տիտղոս մը եւս արձանագրել իր յաղթարշաւին մէջ՝ նուաճելով Խուան Կամփերի բաժակը, 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Արսենալը: 36-րդ վայրկեանին Օփեմեանկ նշանակեց հանդիպումի առաջին կոլը, որմէ ետք հիւրընկալ Պարսելոնան կրցաւ վտանգի ենթարկել մրցակիցին դարպասը: Երկրորդ կիսախաղին Արսենալի պաշտպան Էյնսլի Մեյթլընդ-Նայլսի, թիւրիմացութեան հետեւանքով նշանակեց Պարսելոնայի առաջին կոլը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք Սուարէզ հիանալի կոլ մը նշանակելով յաղթանակը նուիրեց քաթալոնէական կազմին:
ՄԱՆՉԷՍԹԸՐ ԻՒՆԱՅԹԸՏԸ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ՏԻՊԱԼԱՆ ՄԻԱՑՆԵԼԷ
Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, Անգլիոյ Մանչէսթըր Իւնայթըտ այսուհետեւ չէ հետաքրքրուած Իւվէնթուսի յարձակողական խաղացող Տիպալայով:
The Telgraph հաղորդեց, թէ պատճառը այն է, որ խաղացողը փափաք չունի լքելու թուրինեան ակումբը, ինչպէս նաեւ անոր աշխատավարձքի պահանջած բարձր գումարը անգլիական ներկայ ակումբին կարողութեան սահմաններէն հեռու է :
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան
Ռաֆֆի Սիւլահեան