«Նոր փաս­տա­թուղ­թեր կը բա­ցա­յայ­տեն, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրա­գի­րը հաս­տա­տած ու գոր­ծին օժանդակած են Օս­ման­եան Կայս­րութ­եան Իս­թան­պու­լի առաջ­նորդ­նե­րը»: 
Պրուքս Հէյզ
Հրա­պա­րա­կա­գիր Պրուքս Հէյզ 23 Յու­լի­սին UPI կայ­քին վրայ հրա­պա­րա­կած է հե­տեւ­եալ ուսումնասիրութիւնը, զոր թարգ­մա­նա­բար կը ներ­կա­յաց­նենք «Ակունք»էն քա­ղե­լով, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վերածե­լէ ետք:
«Գ.»
1914-1923 թուա­կան­նե­րուն, Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի նա­խօ­րէ­ին ու պա­տե­րազ­մէն ետք, Թուրք­իոյ տարած­քին գտ­նուող հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յեր պար­բե­րա­բար մէկ­տեղ­ուած ու սպան­ուած են: Հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ստի­պո­ղա­բար լքած են իրենց տու­նը: Որոշ հաշ­ուարկ­նե­րու հա­մա­ձայն, սպան­ուած է աւե­լի քան 1,5 մլն. մարդ:
Ներ­կայ հե­տա­զօ­տող­նե­րը կը պն­դեն, որ ըստ նոր բա­ցա­յայտ­ուած փաս­տա­թուղ­թե­րու՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագի­րը հաս­տա­տած ու գոր­ծին օժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան Իս­թան­պու­լի առաջնորդնե­րը:
Այն փաս­տը, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կա­տար­ուած է, լի­ո­վին ըն­դուն­ուած է ակա­դե­մա­կան շր­ջա­նակ­նե­րու կող­մէ: Այն­ուա­մե­նայ­նիւ՝ թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ ժխ­տել իր նախ­նի­նե­րուն մե­ղադ­րե­լի արար­քը:
«Հայ­կա­կան Սփիւռ­քը 1915-ին հա­րիւ­րամ­եայ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ հա­մաշ­խար­հա­յին ար­շա­ւի մի­ջո­ցով կը փոր­ձէ Թուրք­իոյ նկատ­մամբ ատե­լու­թիւն սեր­մա­նել», ըսած է Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Ռե­ճէպ Էր­տո­ղան 2015-ին: «Եթէ մենք ուսում­նա­սի­րենք, թէ ինչ­պի­սի՞ փոր­ձանք­նե­րու մէ­ջէն ան­ցած է մեր ազ­գը վեր­ջին 100-150 տա­րի­նե­րուն, մենք կը գտ­նենք շատ աւե­լի մեծ տանջանք­ներ, քան հա­յե­րուն տե­սա­ծը», ըսած է Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հը:
Էր­տո­ղա­նի տրա­մադր­ուա­ծու­թիւնը ու­նէր նա­եւ Թուրք­իոյ բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թեան աջակ­ցու­թիւնը: New York Times պար­բե­րա­կա­նի հա­ղոր­դու­մով, 2015-ին  Տն­տե­սու­թեան ու Ար­տա­քին Քա­ղա­քա­գի­տա­կան իս­թան­պուլ­եան հետազօ­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ հար­ցա­խոյզ մը կա­տար­ուած է: Հար­ցա­խոյ­զին ար­դիւն­քով տա­սէն մէկ թուրքը միայն հաս­տա­տած է, որ թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը պէտք է այդ վայ­րա­գու­թիւնը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն հա­մա­րէ եւ նե­րո­ղու­թիւն խնդ­րէ:
«Թուրք պաշ­տօն­եա­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն նոյ­նը պն­դել, իբ­րեւ թէ օս­ման­եան կա­ռա­վա­րու­թիւնը եր­բեք հա­յե­րը բնաջնջելու մտադ­րու­թիւն չէ ու­նե­ցած», ըսած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս­նա­գէտ, Մա­սա­չու­սէթ­սի Քլարք համալսա­րա­նի պատմա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու փրոֆ. Թա­ներ Աք­չամ, «Անոնք կ’ըն­դու­նին, որ տա­րա­բախտ դէպ­քեր եւ կո­տո­րած­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են, կը պն­դեն, որ օս­ման­եան կա­ռա­վա­րու­թիւնը ի վի­ճա­կի չէ եղած վե­րահս­կել հե­ռու շրջան­նե­րը, եւ որ որոշ քիւրտ ցեղեր, աւա­զա­կա­խում­բեր կամ այլ խում­բեր նման յան­ցա­գոր­ծու­թիւն կա­տա­րած են», կը շա­րու­նա­կէ ան:
Այն ինչ կը պակ­սէր, կ’աւելց­նէ Թա­ներ Աք­չամ. «ան­հեր­քե­լի ապա­ցոյցն էր, որ ցոյց կու տար, թէ ու­ղիղ կապ կար այդ վայրագու­թիւն­նե­րուն եւ օս­ման­եան կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ»: Նոյ­նինքն այդ ապա­ցոյցն է, որ յայտ­նա­բե­րած է Աք­չամ:
Ան կը հաս­տա­տէ թէ՝«Այս նոր ապա­ցոյ­ցը մեծ հար­ուած է թր­քա­կան ժխ­տո­ղա­կա­նու­թեան թե­զե­րուն»:
Յայտ­նա­բեր­ուած փաս­տա­թուղ­թե­րուն հա­մա­ձայն, ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կազ­մա­կերպ­ուած էր, եւ իրա­կա­նա­ցած ոչ թէ սրի­կայ գոր­ծա­կալ­նե­րու ու աւա­զակ­նե­րու կող­մէ, այլ՝ տե­ղա­կան կա­ռա­վա­րիչ­նե­րու: Վեր­ջին­նե­րը կա­պի մէջ եղած եւ աջակ­ցու­թիւն ստա­ցած են Իս­թան­պուլ գտ­նուող իրենց առաջ­նորդ­նե­րէն:
«Այս մէ­կը ցոյց կու տայ ար­մա­տա­կա­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը, որ սկ­սած էր շր­ջան­նե­րուն մէջ», ըսած է Աք­չամ:
Ապա­ցոյ­ցը ինք­նին կը նե­րկա­յաց­նէ հե­ռագ­րե­րու շարք մը, որ գր­ուած, սղագր­ուած եւ ստո­րագր­ուած է թուրք պաշտօնեա­նե­րու կող­մէ: Աք­չամ զա­նոնք գտած է օս­ման­եան ար­խիւ­նե­րուն մէջ գտ­նուող նոր փաս­տա­թուղ­թե­րու մէջ: Իս­թան­պուլ գտ­նուող արխիւը կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ կազմ­ուած պատ­մա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու հա­ւա­քա­ծու է եւ բաց է հե­տա­զօ­տող­նե­րու հա­մար:
Նոր բա­ցա­յայտ­ուած նա­մակ­նե­րուն մէջ թէ՛ շր­ջան­նե­րուն, թէ՛ Իս­թան­պու­լի մէջ գտ­նուող օս­ման­եան պաշ­տօն­եա­նե­րու կող­մէ առա­ջին ան­գամ կ’օգ­տա­գործ­ուին «ոչն­չա­ցում» եւ «բնաջն­ջում» բա­ռե­րը: Ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րու ուսումնասիրութիւնը կ’ապա­ցու­ցէ, որ վեր­ծան­ուած որոշ հե­ռագ­րե­րու հե­ղի­նա­կը Պեհ­աէտ­տին Շա­քիրն է՝ զինուորական ու­ժե­րէն կազմ­ուած յա­տուկ կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վա­րը եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճարտարապետ­նե­րէն մէ­կը:
Հա­կա­ռակ անոր որ Թուրք­իա ապ­րող բո­լոր հա­յե­րը բնաջն­ջե­լու ծրա­գի­րը եղած է նախ եւ առաջ որոշ շր­ջա­նակ­նե­րու գաղա­փա­րը, սա­կայն այս նոր ապա­ցոյ­ցով կը պարզ­ուի, որ Իս­թան­պու­լը վեր­ջի­վեր­ջոյ հա­մոզ­ուած է վե­րա­դառ­նալ հար­ցի ցե­ղաս­պա­նա­կան մօ­տե­ցու­մին:
Բա­ցի Իս­թան­պու­լի օս­ման­եան արխիւէն գտած փաս­տա­թուղ­թե­րէն՝ Աք­չամ նա­եւ հա­սու դար­ձած է նոյ­նան­ման նամակնե­րու, որոնք վեր­ծան­ուած հե­ռագ­րեր էին եւ օգ­տա­գործ­ուած են որ­պէս ապա­ցոյց­ներ պա­տե­րազ­մի աւար­տէն յետոյ օս­ման­եան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէն կազ­մա­կերպ­ուած դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին:
«Տե­ղի ու­նե­ցած են 63 տար­բեր դա­տա­վա­րու­թիւն­ներ, եղած է աւե­լի քան 200 մե­ղադր­եալ», կը յայտ­նէ Աք­չամ: «Այս դատա­վա­րու­թիւ­նե­րուն նիւ­թե­րը ան­հե­տա­ցած են: Կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը  հե­տա­զօ­տող­նե­րը եր­բեք դատա­վա­րու­թիւն­նե­րուն հա­սա­նե­լի չեն դար­ձու­ցած»:
Հե­տա­զօ­տող­նե­րը այդ դա­տա­ւո­րու­թիւ­նե­րուն մա­սին տեղ­եակ դար­ձած են միայն Իս­թան­պու­լի թեր­թե­րուն մէջ հրատարակ­ուած զե­կոյց­նե­րէն: Որոշ դա­տավ­ճիռ­ներ եւս հրա­տա­րակ­ուած են օս­ման­եան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ: Բայց դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րուն առն­չուող որոշ փաս­տա­թուղ­թեր ի վեր­ջոյ յայտն­ուած են Հա­յաս­տան:
Այդ դա­տա­վա­րա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ Աք­չամ գտած է վեր­ծան­ուած հե­ռագ­րեր, որոնց մէջ օգ­տա­գործ­ուած է գաղտ­նա­բա­ռե­րու նոյն հա­մա­կար­գը՝ արա­բա­կան տա­ռե­րու ու թիւե­րու շարք, որոնք  բա­ռեր ու ածանց­ներ են. գաղտնագ­րու­թեան այդ հա­մա­կար­գը առ­կայ է նա­եւ օս­ման­եան արխիւին մէջ գտն­ուած նա­մակ­նե­րու մէջ:
«Ես գա­ցի օս­ման­եան ար­խիւ եւ բա­ցա­յայ­տե­ցի, որ այդ չորս նի­շե­րէ բաղ­կա­ցած գաղտ­նագր­ման հա­մա­կար­գը նոյնն էր այդ եր­կու շարք հե­ռագ­րե­րուն պա­րա­գա­յին», ըսած է Աք­չամ, «Այս իրո­ղու­թիւնը ան­վի­ճար­կե­լի է։ Այդ էր ար­դէն մեծ բացա­յայ­տու­մը»:
Վերծանուած հե­ռագ­րե­րը, նե­րառ­եալ այն նա­մակ­նե­րը, զորս Թա­ներ Աք­չամ բնո­րո­շած է որ­պէս «սպա­նու­թիւն­նե­րու հրա­ման­ներ», առա­ւել եւս կ’ապա­ցու­ցեն, որ կապ մը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը իրա­գոր­ծող­նե­րուն եւ Իս­թան­պուլ գտ­նուող զի­նուո­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան պաշ­տօն­եա­նե­րուն մի­ջեւ:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի այն հար­ցին, թէ ին­չո՛ւ այդ փաս­տա­թուղ­թե­րը հան­րու­թեան հա­սա­նե­լի չեն դար­ձած կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, այն կա­ռա­վա­րու­թեան, որուն նպա­տակն է ժխ­տել իր նախ­նի­նե­րուն մե­ղա­ւոր ըլ­լա­լը, ըստ Թա­ներ Աք­չա­մի՝ պատճա­ռը այն է, որ պաշ­տօն­եա­նե­րը զա­նոնք ման­րակր­կիտ կեր­պով չեն կար­դա­ցած: Ար­խիւ­նե­րուն մէջ գտ­նուող փաստա­թուղ­թե­րը, մին­չեւ երե­ւան հան­ուին, հա­մա­ռօ­տագր­ուած են պաշ­տօն­եա­նե­րու կող­մէ, եւ այդ համառօտագրութիւն­նե­րուն մէջ որե­ւէ նշում չկայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին:
Աք­չա­մի խօս­քով՝ իր բա­ցա­յայ­տում­նե­րը, որոնց հա­մա­ռօ­տագ­րու­թիւն­նե­րը առ­կայ են՝ «Ցե­ղաս­պա­նա­գի­տա­կան Հանդէս»ին մէջ, առա­ւել եւս կը հաս­տա­տեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը: Սա ճշ­մար­տու­թիւն է, եւ ան յոյ­սով է, որ շու­տով կ’ըն­դուն­ուի նա­եւ թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ:
Ըստ Աք­չա­մի, ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը իր դրոշմը ձգած է ժա­մա­նա­կա­կից Թուրք­իոյ քա­ղա­քա­կան մթ­նո­լոր­տին վրայ:
Անոր հա­մա­ձայն. «Թուր­քերն ու թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն­ը այ­սօր քիւր­տե­րու հետ ու­նին նոյն հար­ցե­րը, ինչ որ անցեա­լին օս­ման­ցի­նե­րը ու­նէ­ին հա­յե­րու հետ: Հա­յե­րը կը պա­հան­ջէ­ին հա­ւա­սա­րու­թիւն օրէն­քի առ­ջեւ եւ ըն­կե­րա­յին արդա­րու­թիւն: Քիւր­տե­րը նոյն պա­հանջ­նե­րը ու­նին այ­սօր»:
Հե­տե­ւա­բար, դի­տել կու­ տայ Թա­ներ Աք­չամ, քիւր­տե­րը կը դի­տարկ­ուին որ­պէս անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­լիք, եւ թրքական կա­ռա­վա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ ան­տե­սել անոնց ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պա­հանջ­նե­րը: Ըստ Աք­չա­մի՝ առանց ճանչնա­լու պատ­մա­կան սխալ­նե­րը՝ Թուրք­ի­ան չի կր­նար ժո­ղովր­դա­վար ապա­գայ ու­նե­նալ:
Պատ­մա­բա­նին կար­ծի­քով՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տին հետ առե­րես­ուի­լը էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Թուրք­իոյ եւ անոր դրա­ցի­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հա­մար: «Եթէ խօ­սինք տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին մաշտապնե­րով, եթէ դուն շա­րու­նա­կես ժխ­տո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րել, կը նշա­նա­կէ՝ ու­նիս նե­րուժ կրկ­նե­լու նոյն քաղա­քա­կա­նու­թիւնը դրա­ցի­նե­րուդ նկատ­մամբ: Ահա թէ ին­չո՛ւ Թուրք­իոյ մէ­կէ աւե­լի դրա­ցի­ներ թր­քա­կան կառավա­րու­թիւնը կը դի­տար­կեն որ­պէս սպառ­նա­լիք իրենց անվ­տան­գու­թեան: Խա­ղա­ղու­թիւն չի հաս­տատ­ուիր տարածաշր­ջա­նին մէջ, այն­քան ատեն որ Թուրք­իա չի հաշտ­ուիր պատ­մութ­եան հետ», կը հաս­տա­տէ ան:
Անգլերէնէ թարգմանեց
Անի Մելքոնեան

________________________________________

Աղբիւր՝
https://www.upi.com/Science_News/2019/07/24/Historian-unearths-evidence-that-Istanbul-directed-Armenian-genocide/8581563904054/