«Արմէնփրէս».- Միջազգային Կարմիր Խաչը աշխատանք կը տանի Ատրպէյճանի մէջ յայտնուած հայ զինծառայողին հանդիպելու ուղղութեամբ: ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տակաւին լուր չունի հանդիպման մասին: ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ. «Ամէն ինչ պիտի ընենք , որ ինքը նախ եւ առաջ չխոշտանգուի, առողջ ըլլայ եւ հետագային նաեւ հնարաւոր ըլլայ անոր վերադարձնել: Ցաւօք, այս բոլորը կ’իրականացուի միայն ու միայն միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով, որովհետեւ Ատրպէյճանին հետ անմիջական աշխատանք չունինք: Բոլոր ջանքերը ի գործ պիտի դնենք եւ պիտի շարունակենք դնել անոր համար»:
Անոր համաձայն, այս գործողութիւններուն զուգահեռ տուեալ զօրամասին մէջ, ուր ծառայած է է Արայիկ Ղազարեան, քննութիւն կը կատարուի: «Քննութիւն կայ ու քննութիւնը կը պարզէ շատ ու շատ հարցեր»:
Ընդհանրապէս դէպքի մասին խօսելով, Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ տարբեր հակասական կարծիքներ կան, բայց իրենք հակած են հաստատելու Արայիկի մեծ եղբօր դիրքորոշումը: «Եղբայրը տեղեկացուցած է, որ ամէն ինչ բնականապէս եղած է ու ինքը սովորական ծառայած է, վերջերս ալ իրեն բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է, եւ այդ հետքերը Ատրպէյճանը ցոյց կու տայ, որպէս խոշտանգում, բայց իրականութեան մէջ բժշկական միջամտութիւն է: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ըսած է, որ մեր փաստարկներով ան ճամբէն շեղած է, սակայն մանրամասնութիւնները տակաւին ուսումնասիրման ենթակայ են։»:
Անդրադառնալով սահմանային իրավիճակին, Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ ներկայ պահուն իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է:

Արմէնուհի Մխոյեան