“Արմէնփրէս”._ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Մեծն Բրիտանիոյ նոր դեսպան նշանակուած է հայազգի Ալան Անդրանիկի Կոկպաշեան:
Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութան պաշտօնական կայքին մէջ յիշուած է, որ Ալան Կոկպաշեան Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին կը փոխարինէ դեսպան Ճուտիթ Մարկարէթ Ֆարնուորթը, որ պիտի տեղափոխուի Երեւան՝ դիւանագիտական ծառայութեան համար:

Առաջին անգամն է որ հայ դիւանագէտ մը Հայաստանի մէջ դեսպան պիտի ըլլայ։

Կոկպաշեան Մեծն Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց եւ Համագործակցութեան Նախարարութեան կողմէ 2008-2010-ին ստանձնած է արտահանման եւ հրամանատուութեան խումբի ղեկավարի պաշտօնը, 2011-2014-ին եղած է Մարոքոյի Թագաւորութեան մէջ Մեծն Բրիտանիոյ փոխդեսպանը, 2014-2017-ին ստանձնած է Գարիբեան տարածաշրջանի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Մեքսիքայի բաժինի ղեկավարի պաշտօնը, 2017-2018-ին եղած է նախարարութեան մարդկային աղբիւրներու ղեկավարը: