Երկուշաբթի, 19 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ զէնքերով բեռնաւորուած թրքական հրասայլ մը սուրիական սահմանը հատեց հասնելով Խան Շէխուն, որպէսզի պարտութեան մատնուող «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զիեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն օգնութեան հասնի: Այս առիթով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ յիշեց, որ Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ ապօրինի այս արարքը, զայն համարելով թրքական վարչակարգին կողմէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ցուցաբերուած աջակցութիւն:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Սուրիա կը շեշտէ, որ թրքական համակարգին ցուցաբերած թշնամական ընթացքը արգելք պիտի չհանդիսանայ սուրիական բանակին՝ Խան Շէխունի կամ այլ շրջաններու մէջ ահաբեկչութեան դէմ դնելու եւ սուրիական հողերը ազատագրելու»: