Երկուշաբթի, 19 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ զինուորական գործողութիւնները «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց դաշնակից ուժերուն դէմ:
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յառաջխաղացք արձանագրած է Խան Շէխունի Քֆրէտուն եւ Սապաղիէ արուարձաններուն մէջ, որուն հետեւանքով ահաբեկիչներ նահանջած եւ մեծ կորուստներ կրած են:
Աղբիւրին համաձայն, սուրիական բանակը կը հրթիռակոծէ նաեւ Իտլիպի հարաւային Քաֆարսաճնա եւ Նըքէր շրջանները՝ նահանջի մատնելով ահաբեկիչները:
Միւս կողմէ, Խան Շէխունի արեւելեան շրջանին մէջ, բանակը բուռն մարտեր կը մղէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, պաշարելու Խան Շէխունը: