Շաբաթ, 17 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Լաթաքիոյ նահանգապետ Իպրահիմ Խըտըր ալ Սալեմին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նահանգապետը Ատհայի տօնին առիթով։

Խօսելով սուրիահայութեան մասին, սրբազան հայրը շեշտեց, որ Սուրիան եւ անոր ժողովուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն գրկաբաց ընդունեցին հայ ժողովուրդին զաւակները։ Սուրիահայութիւնը կառչած մնաց սուրիական հայրենիքին, սատարելով անոր բարգաւաճման, ի պահանջել հարկին արիւն թափելով անոր պաշտպանութեան համար։
Ապա հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահը երաշխիքն է սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն խաղաղ գոյակցութեան։

Այնուհետեւ սրբազան հայրը նահանգապետին ներկայացուց Լաթաքիա, Արամօ եւ Քեսապ իր այցելութեան մանրամասնութիւնները։

Իր կարգին, նահանգապետը ներկայացուց նահանգապետարանի ծառայողական աշխատանքները, ապա լուսարձակի տակ առաւ սուրիական ընկերութեան անբաժան մէկ մասնիկը հանդիսացող սուրիահայութեան շինիչ դերակատարութիւնը երկրի զարգացման մէջ։