Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Քեսապի աւանդութեան համաձայն, մատաղօրհնութիւնը կը կատարուի Երկուշաբթի օր, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, հետեւաբար նախորդող օրը աղի օրհնութիւն եւ ոչխարներու զենում տեղի կ՚ունենայ։

Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, հաւատացեալներու ներկայութեան կատարուեցաւ աղօրհնէքը։ Հաւատացեալները ջերմեռանդութեամբ մօտեցան եւ օրհնուած աղէն բաժին մը առին։ Ապա տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենումը։

Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, ապա խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն տեղի պիտի ունենայ Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ։
Հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրուած է Վերափոխման սրբաբոյր մթնոլորտին մէջ հաղորդակից դառնալու մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, ծէսերուն եւ աստուածաշնորհ մթնոլորտը վայելելու։