Այս տարի, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին գլխաւորութեամբ դէպի Արամոյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցի ժողովրդային ուխտագնացութեան աւանդութիւնը տարիներ ետք կրկին իրականացաւ, շնորհիւ շրջանի ապահովական իրավիճակի բարելաւման։

Արդարեւ, Շաբաթ, 17 Օգոստոսին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը առաւօտուն հասան Արամօ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կրօնական Ժողովի անդամ Տէր Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեան, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Քահանայ Քէօշկէրեան, հալէպահայ ազգային տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետ Աւօ Կարպուշեան եւ թաղականութեան ներկայացուցիչներ։

Եկեղեցւոյ մուտքին սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Արամոյի եւ Ղընեմիէի թաղականութեանց եւ դպրաց դասուն, ժողովուրդին եւ շրջանի պետական պատասխանատուներուն կողմէ։

Տեղի ունեցաւ աղի ու հացի օրհնութիւն։

Ապա սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը թափօրով մուտք գործեցին եկեղեցի։

Օրուան պատարագիչն էր՝ Լաթաքիոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Վազգէն Քահանայ Քէօշկէրեան։
Սրբազան Հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց հայերէնով ու արաբերէնով՝ շեշտելով ուխտին եւ անոր հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը։

Գերշ. Տէր Մասիս յորդորեց ուխտի գալ ոչ թէ որպէս զբօսաշրջիկ, այլ որպէս աղօթասէր, եւ աղօթել Սուրիական Հայրենիքի վերանորոգման ծրագրերուն բարեյաջող իրագործման համար նաեւ։
Ապա ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Սուրիոյ նախագահին եւ սուրիական քաջարի բանակին, որոնց շնորհիւ խաղաղութիւնը վերականգնեցաւ եւ մենք կարելիութիւն ունեցանք ուխտի գալու Արամօ։
Սրբազան հայրը մաղթեց, որ Սուրիոյ բոլոր շրջանները ազատագրուին, ժողովուրդը վերադառնայ իր բննօրանը եւ կարելիութիւն ունենանք ուխտագնացութիւն կատարելու նաեւ դէպի Եագուպիէ եւ Ղընեմիէ։

Աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերքով։

Արարողութենէն ետք, սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ Արամոյի եւ Ղընեմիէի թաղականութեանց հետ, տեղեակ դարձաւ անոնց մտահոգութիւններուն եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց։

Արարողութիւնը սփռուեցաւ Ռատիօ Երազի ուղիղ եթերով։

Յիշենք, որ 1864-ին Լաթաքիոյ հոգեւոր տեսուչ Զաքարիա վարդապետ Արամօ այցելած եւ կարգ մը տեղեկութիւններ տուած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մասին։ Եկեղեցւոյ նախնական կառոյցը շատ հաւանաբար առաջին անգամ նորոգուած է 1903-ին։

1926-ին եկեղեցին վերակառուցուած է, այնտեղ արձանագրին յիշուած է 1310 թուականը։

1958-ին տեղի ունեցած է Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգումը։ Եկեղեցին գրեթէ վերաշինուած է (արդեամբ՝ Արամոյի հայ գաղութէն Իլիաս Հապիպ Ֆարահի)։ Հանդիսաւոր օծումը տեղի ունեցած է 16 Օգոստոս 1958-ին, ձեռամբ օրուան Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի։ Եկեղեցին ունի մէկ Ս. Սեղան, մկրտութեան աւազան եւ զանգակատուն։