Քեսապի աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի մեռելոցի օրը, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ կը մատուցուի, ապա շրջափակի Սօսիի ծառին ներքեւ տեղի կ՚ունենայ մատաղի, խաղողի եւ բկեղի օրհնութիւն։
Մատաղը կը պատրաստուի նախորդ գիշերը մինչեւ լոյս առաւօտ, որուն ընթացքին քեսապցիներ զանազան շրջաններէ կը փութան Էսկիւրան, միասնաբար պատրաստելու մատաղը եւ տհոլի ու զուռնայի հնչեցուցած պարեղանակներուն ներքեւ մինչեւ լուսաբաց շուրջպար բռնելու ու տօնական մթնոլորտի մէջ յիշատակելու Վերափոխման տօնը։
Այս տարի եւս, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Երկուշաբթի, 19 Օգոստոս 2019- ին, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։
Օրուան պատարագիչն էր Տէր Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեան։
Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը կատարեց պատարագին երգեցողութիւնը, իսկ Տէր Նարեկ Քահանայ Զերենցեան կատարեց սպասարկութիւնը։
Պատարագի աւարտին, շրջափակին մէջ, սօսիի ծառին ներքեւ, սրբազան հայրը կատարեց մատաղի, խաղողի եւ բկեղի օրհնութիւնը։ Այնուհետեւ իր պատգամը տուաւ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան։
Սրբազան հայրը նախ պարզեց զոհաբերութեան նշանակութիւնը, դիտել տալով, որ զոհաբերութիւնը կը խորհրդանշէ մաքրութեամբ, ներողամտութեամբ եւ վերանորոգութեամբ յատկանշուող նոր կեանքը։ Քրիստոսը զոհաբերութեամբ քաւեց մարդկութեան մեղքը, իր օրինակով կեանքի կոչելու նուիրելու, զոհաբերելու գաղափարը։
Ապա Գերշ. Տէր Մասիս զեհաբերումի օրինակներ բերելով նախ յիշեց Հայր Աբրահամը, որ թափառական ապրելով մէկտեղ զոհ մատուցեց Աստուծոյ, արտայայտելու իր հնազանդութիւնը, հաւատարմութիւնը, հաւատքը եւ տեսնելու Քրիստոսը։ Ան պատրաստ էր իր որդին իսկ զոհելու յանուն իր հաւատքին ու հաւատարմութեան։
Ապա սրբազան հայրը յիշեց այրի կնոջ նուիրաբերած վերջին լուման, դիտել տալով, որ այրի կինը նիւթապէս աղքատ էր, բայց հոգեպէս՝ հարուստ։ Ան տուաւ իր ունեցածը Քրիստոսին հանդիպելու, անոր օրէնքներով աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելու։

Իր խօսքը ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն, սրբազան հայրը յորդորեց մշտապէս պատրաստ ըլլալ տալու մեր ժամանակէն, մեր ունեցածէն եւ նուիրաբերելով հոգեպէս զօրանալու։
Սրբազան հայրը մաղթեց, որ յանուն հայրենիքի իր կեանքը զոհող սուրիական բանակը եւս յաղթական աւարտէ իր պատերազմը եւ մենք բոլորս, մեր կարելիութիւնները ի սպաս դնելով սուրիական հայրենիքին, սատարենք անոր վերականգնումին։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերքով։ Ապա օրհնուած մատաղը, բկեղն ու խաղողը բարեմաղթութիւններով բաշխուեցան ներկայ հաւատացեալներուն։

Այս առիթով Էսկիւրան ժամանած էին նաեւ Լաթաքիայէն պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Այս առիթով խօսք առաւ Լաթաքիոյ նահանգապետի ներկայացուցիչը, որ շնորհաւորելով ժողովուրդը Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, լուսարձակի տակ առաւ եւ շնորհաւորեց նաեւ սուրիական բանակին այսօրեայ յաղթանակները, եւ Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով Էսկիւրանի մէջ այս օրհնաբեր ներկայութիւնը ոգեշնչող երեւոյթ համարեց սուրիական բանակին նուաճումներուն ի տես։