16 Օգոստոս 2019-ին ընթացք առաւ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան տարեկան բանակումը: Բանակումը կը կրէ «Հայաստան» անունը: Դամասկոսի արուարձաններէն Սէյտնայայի մէջ տեղի ունեցող բանակումին մասնակիցներու թիւն էր շուրջ 185 պատանի:
Բանակումի առօրեան կ’ընդգրկէ դասախօսութիւն, զրոյց, երգի ուսուցում, յանձնախմբային աշխատանքներ, հարց-պատասխանի մրցոյթ, ջրային խաղեր եւ խրախճանք: Պատանիները այցելեցին նաեւ Սէյտնայայի վանքը: Բանակումին դասախօսեցին փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեանը, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի դաստիարակ Սեւան Շահպազեանը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը եւ այլք։