Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին ուխտի մեկնումը Քեսապ համալրուեցաւ այցելութիւններով։
Երկուշաբթի, 19 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան այցելութիւն մը շնորհեց Հայ Աւետարանական Համայնքի Քեսապի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ։
Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան դիմաւորեց սրբազան հայրը, որ եկեղեցի մուտք գործեց Տէրունական եւ Պահպանիչ աղօթքներով։ Պատուելին բարի գալուստի խօսք արտասանեց։
Այնուհետեւ սրբազան հայրը իր ողջոյնի խօսքով բարձրօրէն գնահատեց քեսապահայութիւնը, անոր կամքը, հաւատարմութիւնը հողին եւ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած վերականգնումի աշխատանքները։ Գերշ. Տէր Մասիս մաղթեց, որ աշխարհասփիւռ քեսապահայերը իրենց նիւթական եւ բարոյական ներդրումը ունենան Քեսապի վերականգնումի աշխատանքներուն։

Հանդիպումին ներկայ էին՝ Հալէպէն ժամանած Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Գուրգէն Գալուստեան, Տէր Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեան, Տէր Նարեկ Քահանայ Զերենցեան եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետ Աբրահամ Կարճիկեան։
Ներկայ էին նաեւ Հայ Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչներ։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ եւ շեշտը դրուեցաւ աշխատանքային գործակցութեան կարեւորութեան վրայ։