«Արմէնփրէս».-Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Պէսքով 20 Օգոստոսին լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Պութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպման արդիւնքները: Պէսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները Պրեկանսոնի մէջ հանդիպման ընթացքին քննարկած են տարածաշրջանային հակամարտութիւնները, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
Պէսքովի խօսքին համաձայն բանակցութիւնները եղած են յագեցած, շինիչ եւ վստահելի: