ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի «Նշան Թիւսիւզեան» բանակումը ընթացք առաւ 16 Օգոստոս 2019-ին, մասնակցութեամբ՝ 90 քոյր-եղբայրներու:
Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 7:00-ին սկաուտները ժամանեցին բանակավայր, մաքրեցին եւ դասաւորեցին բանակավայրը, ապա տեղաւորեցին իրենց գոյքերը: Բանակումի առօրեան կ’ընդգրկէ մարզանք, դրօշակի արարողութիւն, խմբային աշխատանքներ, դասախօսութիւն, ձեռային աշխատանք, դաշտային խաղեր, կանչի եւ երգի ուսուցում: Անոնք արշաւելով դէպի մօտակայ անտառ մը, սորվեցան բանակումի ամենահետաքրքրական աշխատանքներէն մէկը՝ կայմի պատրաստութիւնը, որուն ամէն սկաուտ իր մասնակցութիւնը կը ցանկայ բերել: Այնուհետեւ արի-արենոյշները ամբողջացնելով կայմի աշխատանքը բարձրացուցին «Նշան Թիւսիւզեան» բանակումի կայմը, որուն վրայ կը ծածանի միութեան վսեմ դրօշը:
Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին, «Նշան Թիւսիւզեան» բանակումի ընթացքին տեղի ունեցաւ փոխխմբապետի, վարիչ առաջնորդի եւ փոխառաջնորդի աստիճանատուչութիւն, ինչպէս նաեւ նորընծայի եւ Բ. կարգի վկայականաց բաշխում։ Մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեան շնորհաւորեց բոլոր քոյրերն ու եղբայրները եւ գնահատեց բանակումի ընթացքին անոնց տարած հսկայ աշխատանքը։ Ապա Սկաուտ Խորհուրդի անդամ քոյր Նայիրի Զաքոյեան շնորհաւորեց սկաուտները եւ մաղթեց, որ անոնք օրինակ ծառայեն ապագայ սերունդներուն։ Աւարտին վարչութեան խօսքը արտասանեց եղբ. Ալեքսան Պալեան։ Ան յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղի բոլոր ձեռնարկներուն ու բարձր գնահատեց բանակող քոյրերուն եւ եղբայրներուն կարգապահութիւնն ու օրինակելի կեցուածքը։ Սկաուտները դրօշակի արարողութեամբ փակեցին օրուան յայտագիրը։
Յաջորդող օրը սկաուտները ուղղուեցան դէպի «Ճէպէլ ալ Սաէհ», ուր կը գտնուի Ս. Մարիամ Աստուածածնայ արձանը։
Մեծ անակնկալ էր «Նշան Թիւսիւզեան» բանակումի մասնակցող քոյրերուն ու եղբայրներուն համար Երեքշաբթի օրուան աւազանագնացութիւնը։ Բոլոր սկաուտները աշխուժօրէն ուղղուեցան աւազան, ուր շատ հաճելի ժամեր անցուցին: