Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2019-ին, Շամ Թայմզ կայքը յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ խորհրդարանի անդամ, ռուսական Հին Զինուորներու Կազմակերպութեան փոխնախագահ Տիմիթրի Սապլէնի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ասատ Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ զինուորական իրավիճակին դրական փոփոխութիւնները ներկայացուցած է: Սոյն կազմակերպութեան տեղեկատուական գրասենեակը հանդէս եկած է հաղորդագրութեամբ մը, ուր ըսուած է. «Նախագահ Ասատ ներկայացուց Սուրիոյ քաղաքական եւ զինուորական զարգացումները: Ան յայտնեց, որ սուրիական բանակը յառաջխաղացք արձանագրեց Խան Շէյխուն ռազմավարական շրջանին ուղղութեամբ, որուն յարակից կը գտնուին ռուսական ուժերը: Ահաբեկիչները դէպի Թուրքիա փախուստ կու տան»:
Սապլէ եւ պատուիրակութեան անդամները բարձրօրէն գնահատած են սուրիական բանակին ձեռքբերումները, յատկապէս Իտլիպի արուարձանին մէջ, աւելցնելով, որ այս յաղթանակները ի վերջոյ պիտի նպաստեն սուրիական տարածքներուն ամբողջական ազատագրման: