-Երկուշաբթի, 19 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ զինուորական գործողութիւնները «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց դաշնակից ուժերուն դէմ: ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յառաջխաղացք արձանագրած է Խան Շէյխունի Քֆրէտուն եւ Սապաղիէ արուարձաններուն մէջ, որուն հետեւանքով ահաբեկիչներ նահանջած եւ մեծ կորուստներ կրած են: Աղբիւրին համաձայն, սուրիական բանակը կը հրթիռակոծէ նաեւ Իտլիպի հարաւային Քաֆարսաճնա եւ Նըքէր շրջանները՝ նահանջի մատնելով ահաբեկիչները: Միւս կողմէ, Խան Շէյխունի արեւելեան շրջանին մէջ, բանակը բուռն մարտեր կը մղէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, պաշարելու Խան Շէյխունը:
Ժամեր անց, զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը վերահսկողութեան տակ առաւ Խան Շէյխունի արեւելեան բաժինը գտնուող Թարհի ռազմավարական գիւղը եւս: Աղբիւրը հաստատեց, որ սուրիական բանակը «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ բուռն մարտեր մղելէ ետք իր վերահսկողութեան տակ առաւ նաեւ Նմըր եւ Սիրիաթէլ շրջանները: Աղբիւրը վկայակոչելով սուրիական ընդդիմութեան աղբիւրներու յայտարարութիւնը յայտնեց, որ ահաբեկիչները քաշուեցան Խան Շէյխունէն եւ հիւսիսային Համայի կարգ մը գիւղերէն, մինչ սուրիական բանակը կը շարունակէ յառաջանալ այդ շրջաններուն մէջ:
-Երկուշաբթի, 19 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ զէնքերով բեռնաւորուած թրքական հրասայլ մը սուրիական սահմանը հատեց հասնելով Խան Շէյխուն, որպէսզի պարտութեան մատնուող «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն օգնութեան հասնի: Այս առիթով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ յիշեց, որ Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ ապօրինի այս արարքը, զայն համարելով թրքական վարչակարգին կողմէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ցուցաբերուած աջակցութիւն: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Սուրիա կը շեշտէ, որ թրքական համակարգին ցուցաբերած թշնամական ընթացքը արգելք պիտի չհանդիսանայ սուրիական բանակին՝ Խան Շէյխունի կամ այլ շրջաններու մէջ ահաբեկչութեան դէմ դնելու եւ սուրիական հողերը ազատագրելու»:
-ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի «միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանում» խորագիրը կրող նիստին լուսարձակի տակ առաւ թրքական եւ ամերիկեան բռնարարքներն ու ոճիրները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ճաաֆարի անդրադառնալով Թուրքիոյ ահաբեկիչներուն ցուցաբերած աջակցութեան, ըսաւ. «Անցնող օրերուն ընթացքին, Էրտողանի վարչակարգը տարբեր հպատակութիւն ունեցող ահաբեկիչներ թրքական սահմանէն Իտլիպ ուղղեց՝ «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման զօրավիգ կանգնելու համար: Անոնց կողքին Իտլիպ մուտք գործեցին նաեւ զէնքերով բեռնաւորուած հրասայլեր», աւելցնելով, որ ոմանք քաջ իմանալով այս բոլորը, ահաբեկիչները «չափաւոր ընդդիմութիւն» կ’անուանեն:
Ճաաֆարի եզրափակելով ըսաւ. «Ժամանակը հասած է, որ տարածաշրջանի ժողովուրդը, աշխարհի այլ ժողովուրդներուն նման, ապրի խաղաղութեան եւ ապահովութեան մէջ: Ժամանակը հասած է, որ Միջին Արեւելքը վերականգնէ իր դերը, որպէս մարդկութեան քաղաքակրթութեան ռահվիրայ, սակայն այս բոլորին իրականացումը ձեր նիստերէն կը պահանջէ աւելի լուրջ մօտեցում՝ տարածաշրջանի անկայուն իրավիճակին վերջ տալու համար»:
-Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոս 2019-ին, սուրիական վառելանիւթի ընկերութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ բնակչութեան մազութի բաշխումը պիտի սկսի 1 Սեպտեմբեր 2019-ին:
Սուրիոյ վառելանիւթի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մուսթաֆա Հասուիէ ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ առայժմ իւրաքանչիւր ընտանիքի 200 լիթր մազութ յատկացուած է:
Հասուիէ յայտնեց, որ օրական դրութեամբ մէկ միլիոն եւ 200.000 լիթր մազութ պիտի յատկացուի բնակչութեան: