Արդի արհեստագիտութիւնը՝ իր թուայնացեալ ու համակարգչային բարիքներով, վերջին տասնամեակներուն արագօրէն թափանցած է մարդոց կեանքէն ներս, խօլ թափով կ’արշաւէ մարդը փոխարինելու իմաստով, այնքան մը, որ մարդկային ընկերութիւնը հետզհետէ աւելի՛ սուր կերպով կը զգայ անոր հետեւանքներուն ցաւը, որքան կ’օգտուի անվիճելի բարիքներէն։ Ոչ-ամբողջական պատկեր մը տուինք այս շարքին առաջին բաժինով։
Չենք ուզեր համեմատութիւն ընել Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ, սակայն եկէ՛ք, պահ մը մտածենք, թէ մինչեւ իսկ Աստուա՛ծ օր մը դժգոհ մնաց իր ձեռակերտ՝ մարդէն, մինչդեռ Ադամին ստեղծման օրը որքա՜ն գոհունակ էր եւ իր արարչագործութիւնը լինելութեան հասած կը նկատէր (դժգոհութեան միակ աղբիւրը… Եւան չէր). մարդն ալ իր հնարած որեւէ նորութեան համար նախ ուրախ եւ գոհունակ կը զգայ, յետոյ… կը սկսի կրել անախորժ հետեւանքներ։ Եւ իսկապէս, իր հնարած մեքենական սարքերուն հետ մարդուն հակամարտութիւնը այնքան հին է, որքան քաղաքակրթութիւնը։ Հրաշալի հնարքները, դիւրացնող գործիք ըլլալու կողքին, շուտով վերածուած են նաեւ անպատեհութեան գործօններու։
Մարդկային ընկերութեան հատուածներուն միջեւ պայքարները չեն սկսած «մեքենայի դար»երուն, այլ անոնք շատ աւելի հին են. պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ հեռաւոր անցեալին, կային աստուածային մենաշնորհներով օժտուած մենատէրերն ու գահակալները, անոնց շուրջ կազմաւորուած որոշ խմբաւորում մը, որ ընդհանրապէս ճանչցուած էր «իշխանաւոր» անունով. անոնց դիմաց կային ստրուկ, հպատակ եւ այլ բնութագրումներով ծանօթ զանգուածները։ Իշխանական փոքրաթիւ դասուն եւ հպատակ մեծամասնութեան միջեւ մրցակցութիւնը, հակամարտութիւնները ունին իրենց պատմութիւնը, որ նորագոյն դարաշրջաններուն, բիւրեղացուցած են «դասակարգային պայքար» հասկացութիւնը, իր նրբերանգներով։ Օրինակ, հին պատմութեան մէջ, անկիւնադարձային եւ յիշատակելի է Հռոմի կայսրութեան դէմ ստրուկներու ըմբոստութիւնը, որուն մէկ խորհրդանիշը կը հանդիսանայ Սպարտակոսի Ապստամբութիւնը։ Դարերու թաւալքին հետ, նման հակադրութիւններ ու հակամարտութիւններ յիշատակուած են առանձնայատուկ դրուագներով, հասնելով մինչեւ Անգլիոյ մէջ Չարլզ թագաւորին գլխատման, ֆրանսական եւ յաջորդող յեղափոխութիւններուն։ Այդ բոլորը, սակայն, իբրեւ հիմնական դրդապատճառ ունէին, մէկ կողմէ իշխանական՝ իրենք զիրենք մենաշնորհեալ տիրակալներ հռչակող փոքրամասնութեան, իրաւազրկողին, եւ միւս կողմէ՝ անոնց ենթարկուած-հպատակ դարձած իրաւազուրկ զանգուածներուն հակադրութիւնը։ Եւ ահա, նորագոյն դարերուն մարդակերտ սարքերը իրենց «ներդրումը» ունեցան հակամարտութեանց մէջ, եղափոխելով «դասակարգային պայքար» հասկացութիւնը։
ՄԱՐԴ-ՄԵՔԵՆԱՅ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՄԵԿՆԱԿԷՏԸ
Եթէ մեր ուշադրութիւնը սեւեռենք մեզի մօտիկ դարերուն, կը տեսնենք, որ մարդկային ընկերութիւնը փոթորկող եւ տագնապեցնող վիճակները ծնած ու իրենց զարգացումը ապրած են՝ հնարքներու բերած բարիքներուն զուգահեռ։ Իրօք, կեանքի-ապրուստի պայմաններ դիւրացնող հնարքները աննախընթաց թափ ստացան վերջին 3-4 դարերուն եւ ի վերջոյ ամբողջ մարդկութիւնը, եւ ո՛չ միայն որոշ երկիրներ առաջնորդեցին դէպի Ճարտարարուեստի Յեղափոխութիւն։
Օրինակի համար, դարեր շարունակ, մարդը իր արտն ու պարտէզը հերկած-մշակած էր իր ձեռքերով եւ նախնական միջոցներով՝ եզ-արօրով. կիներ իրենց ոչխարներուն բուրդը խուզած էին ձեռքերով, նմանապէս գործածած էին իլիկ, ճախարակ ու նման նախնական սարքեր, ապահովելու համար հագուստ-կապուստ։ Նոյնը՝ անմիջական կարիքներու ապահովման տարբեր գետիններու վրայ։ Արհեստներու մէջ իսկ, օգտագործուած գործիքները ապրած են շատ դանդաղ արդիականացում։ Ճամբորդութեան միջոցները դարեր շարունակ մնացած են ուղտն ու անասունները, կառքն ու տարբերակները։ Այսպէս կարելի է շարունակել մինչեւ Զարթօնք՝ «Լուսաւորութեան դարաշրջան» թեւակոխող մարդոց կեանքի փուլերը։ Եւ օր մըն ալ, կարիքը ծնունդ տուաւ նոր հնարքներու, երբ մանաւանդ… կայսրութիւնները ստացած նոր տարածք եւ յղացք, աշխարհը ընդարձակուեցաւ նոր ցամաքամասերով։ Մարդը հարկադրուեցաւ մտածել զինք աւելի արագօրէն տեղ հասցնող միջոցներու մասին, երկրագործական եւ ճարտարարուեստական արտադրանքները աւելի առատացնելու միջոցներ հնարեց։ Շոգեշարժ կառաշարներն ու շոգենաւերը, երկրագործութեան ու հիւսուածեղէնի մարզերուն մէջ նորահնար մեքենաները ճամբայ ելան մէկ կողմէ՝ արտադրանքը առատացնելու եւ միւս կողմէ՝ մարդուն աշխատանքի տանջանքը թեթեւցնելու մտասեւեռումով։ Աշխատանքի տարբեր կալուածներու մէջ, համապատասխան հնարքներ նմանապէս առաջնորդուեցան նոյնանման մղումներով։ Հիմնականին մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին առաջինին՝ արտադրանքի առատացման մէջ, սակայն մարդուն աշխատանքի պայմաններուն բարեշրջումը պէտք ունէր երկար սպասելու։ Եթէ նախապէս զանգուածները ստիպուած էին իշխանաւորին, աւատատէրին եւ նմաններու հողերուն վրայ երկար աշխատիլ եւ հազիւ ապրուստ ապահովել, եկաւ ժամանակ, երբ արտադրողականութեան ու եկամուտի կալուածները երկրագործականէն մեծ մասամբ փոխադրուեցան մեքենաներով բանող գործարան-գործատուն։ Նախնական գործիքները բաղդատաբար համեստ էին եւ կը կարօտէին մեծաթիւ մարդկային ձեռքերու հսկողութեան-մասնակցութեան։ Յետոյ, հետզհետէ արդիականացող սարքերը աստիճանաբար նուազեցուցին մարդկային գործօնին կարիքը։ Այդ դարաշրջանին, աշխատանքի ժամերու սահմանափակումի կամ տարիքի մտածում չկար։ Աշխատաւորը ստիպուած էր օրական 10, 12 կամ շատ աւելի երկար ժամեր աշխատիլ, անչափահաս մանուկներ ու պատանիներ նմանապէս ստիպուած էին իրենց ծնողներուն վիճակին մատնուիլ, որպէսզի կարենային, իբրեւ ընտանիք՝ տարրական կարիքներ ապահովել, ապրիլ. ո՞վ ժամանակ ունէր կամ կը համարձակէր բարօրութեան մասին մտածելու, ալ ո՜ւր մնաց՝ ուսումի…։
Արտադրողական միջոցներու զարգացումն ու արդիականացումը, սահմանափակէն դէպի աւելի՛ զանգուածային արտադրողականութիւնը ուղղակի եւ անուղղակի «քաջալերանք» ու մղում ստացան այն փուլերուն, երբ մարդկութիւնը՝ հակամարտ պետութիւններ ու կայսրութիւններ ինկան մեծ ու փոքր պատերազմներու ոլորապտոյտին մէջ։ Յետոյ վրայ հասաւ «քարիւղի դարաշրջան»ը…։ Պատերազմները, եւ ո՛չ միայն աշխարհամարտերը, յաւելեալ առիթ եղան զէնքի ճարտարարուեստի արագ զարգացման եւ… շահագործման, իսկ զէնքի ճարտարարուեստը անխուսափելիօրէն իր կողքին ունի արտադրողական եւ մեքենայացումի այլ կալուածներ, որոնք նմանապէս կը մղուին արդիականացման (օդանաւ եւ մասամբ նորին)։ Եթէ ուզենք մտնել այս կամ այլ կալուածին իւրայատուկ զարգացումներու մանրամասնութեանց եւ դրական ու բացասական հետեւանքներուն մէջ, մեր ուրուագծային ներկայացումը մեծ ծաւալ կը ստանայ, սակայն ի վերջոյ կը հասնինք նոյն վախճանական կէտին, ըսելու՝ որ նոր հնարքները՝ մեքենաներ, փոխադրամիջոցներ եւ այլն, որքան որ աշխատանքն ու կեանքը արագացուցին եւ որոշ դիւրութիւններ ընծայեցին, նոյնքան ալ պատուհաս դարձած ու դժուարութիւններ ստեղծած են մարդուն առօրեային մէջ։
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԻՆ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Կեանքի-աշխատանքի մարզերուն մէջ մեքենաներու բազմացման ու տիրապետութեան հետեւանքներէն մէկն ալ եղաւ այն, որ նախկին աւատապետ ու իշխանաւոր դասուն զուգահեռ, ծնունդ առաւ գործատէրերու-գործարանատէրերու նոր դաս մը, որ ո՛չ մէկ ճիգ խնայեց ճարտարարուեստի ու արտադրութեան միջոցները իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնելու, ներառեալ՝ մեծ մասը նիւթական այն բարիքներուն, որոնք կը ծնէին արտադրութեան ուռճացումէն։ Այս դասը, որ որոշ ատեն ետք պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրեց դրամատէր անունով եւ իր կարգին դարձաւ փոքրամասնութիւն մը, եթէ սկզբնապէս անուղղակիօրէն դարձաւ աւատապետ-իշխանաւորին մրցակիցը, սակայն նաեւ հասկցաւ, որ պէտք է անոր հետ գտնել «իրարու կռնակ քերելու» ձեւ մը, մինչեւ…։ Միւս կողմէ, աշխատող զանգուածը երկար ատեն դատապարտուած մնաց այն վիճակին, որուն մէջ էր հողի ու պարտէզի մշակման դարերուն, այսինքն՝ զրկուած մնաց սեփականութենէ եւ իր աշխատանքին արքասիքէն արդարօրէն օգտուելու առիթներէն, հոգ չէ թէ որոշ մտաւորականներ կը գրէին Եութոփիաներու եւ Էլտորատոներու մասին։ Անոնց դիմաց կային Մաքիաւելլիներ ու անոնց Իշխանները…
Մենաշնորհեալներու համար ընդհանրապէս բարիք ու առաւելութիւն ապահովող նորարարութիւնները որոշ կալուածներու մէջ ունեցան տարբեր ազդեցութիւն. այդ կալուածներէն մէկն էր տպագրութեան գիւտն ու գիրի-մտածումներու աւելի արագ տարածման միջոցներու ստեղծումը (այսօր, հաղորդակցութիւններու մեր դարուն, նման հաստատում վստահաբար ժպիտ պիտի բերէ մարդոց դէմքերուն, անկախ ընդհանրապէս միտքի, գիրի ու մամուլի հանդէպ… արհամարհանքէն)։ Մամուլն ու տարբեր հրատարակչաձեւերու զարգացումը առիթ տուաւ, որ մարդկութիւնը տագնապեցնող իրականութիւններ ո՛չ միայն ընդհանրական քննարկումներու օրակարգին վրայ բերուին, այլ դուռը աստիճանաբար լայն բացին ընկերութեան տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ հաւասարակշռութիւն եւ արդարութիւն հետապնդողներու առջեւ. իսկ «տարբեր խմբաւորումներ»ը կազմաւորուեցան սահմանափակ եկամուտով այլ աշխատողներով՝ տարբեր ոլորտներու պաշտօնեաներ, ուսուցիչներ եւ այլն. ատիկա չպատահեցաւ միայն «վերնախաւ»ը հակակշռելու դիտաւորութեամբ, այլ նաեւ այն մտասեւեռումով, որ ի վերջոյ, ամէնէն լայն իմաստով՝ արտադրող զանգուածն էր ընդհանուրը ընդգրկող՝ համապարփակ մեքենան, ճարտարարուեստն ու վարչամեքենաները իր ուսերուն կրողը, յառաջ տանողը։ Առանց արտադրողական ձեռքին, մարդկութեան շոգենաւը ուշ կամ կանուխ պիտի մատնուէր աւազախրումի, անդամալուծութեան ու կորուստի, նստած ճիւղդ սղոցելու կացութեան…
Քաղաքական ու ընկերային-տնտեսական աշխարհին մէջ, ծնունդ առին ու իրենց բազմաճիւղ զարգացումները ապրեցան իշխանաւոր-դրամատէրներու եւ ենթակայ-արտադրողներու միջեւ պայմանագրութիւններու հասկացութիւնները. եթէ «Մակնա Քարթա» մը եւ նման հռչակագիրներ կը հանդիսանային մարդկութեան երկու գլխաւոր դասերուն միջեւ ամէնէն կանուխ համաձայնութիւնները, մարդոց իրաւունքներուն արմատները հաստատողները (կարելի է երթալ նաեւ մինչեւ Համուրաբիի օրերը), Ճարտարարուեստի Յեղափոխութեան դարաշրջանները մղում տուին գործատէր-աշխատողներու միջեւ նոր տեսակի հաւասարակշռութեան հետամտութեան, այն մեկնակէտով ու մտասեւեռումով, որ մեքենային բարիքները եւ անոր ապահոված նիւթական անսպառ միջոցները միայն զայն ունեցողին պէտք չէ բաշխուին, այլ անկէ պէտք է օգտուին նաեւ զայն բանեցնողները, իբրեւ աշխատող զանգուած ճանչցուած մեծամասնութիւնը։ Եւ սա՝ դասակարգային պայքարին տուաւ նոր դիմագիծ, առանց բոլորովին գունափոխելու հինէն ժառանգ մնացած հակադրութիւնը։
ՀԱԿԱԿՇՌՈՂ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ
Աշխատաւորին՝ արտադրող զանգուածին իրաւունքներու հետապնդումն ու պաշտպանութիւնը զգեցան տարբեր արտայայտութիւններ, որոնք զարգացան երկու գլխաւոր գիծերու վրայ. մտաւորական-գաղափարական եւ գործնական-յեղափոխական։ Մտաւորականները, որոնք իմաստութիւնն ու շրջահայեացութիւնը ունէին իրողութիւնները եւ հարցերը դիտելու-ընկալելու շատ աւելի տարածուն եւ հեռատես մօտեցումով, սկսան իրարու արձագանգ հանդիսանալ մարդուն բարօրութիւնը հետապնդելու իրենց մտածումներով, ու բնականաբար դարձան աշխատողներու համար ներշնչման աղբիւրներ, անոնց գործնական քայլերը առաջնորդողներ։ Այդ առաջնորդող միտքերը (որոնց ցանկագրումն ու անոնց կերտած պատմութեան անդրադառնալը մեզ պիտի տանի տարբեր խորացումի եւ ուղղութիւններու, բոլորն ալ ոչ-արհամարհելի), ժամանակի ընթացքին ծնունդ տուին գաղափարական տարբեր դպրոցներու, ուր հիմնականին մէջ լուծումներ կը հետապնդուէին գործատէր-դրամատէր եւ արտադրող-աշխատող դասերուն միջեւ։ Քաղաքական-ընկերաբանական այդ դպրոցները ունեցան տարբեր անուանումներ, որակուեցան իբրեւ աջ-ձախ, չափաւորական կամ ծայրայեղական, սակայն եթէ փորձենք այդ բոլորը սահմանել իրենց ամէնէն պարզ ձեւին մէջ, իբրեւ հասարակ յայտարարի՝ կը հասնինք ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ եւ ՄԱՐԴՈՒ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ հասկացութիւններուն. եւ եթէ քրիստոնէութիւնը կը ճանչցուի իբրեւ կրօնները գերագոյնին եւ կատարելագոյնին հասցնելու ներուժը ունեցող վարդապետութիւն, որ կը նպատակադրէ մարդը Աստուծմէ առաջ մօտեցնել ՄԱՐԴուն (հակառակ կիրարկողներուն ձախաւերութիւններուն ու ինքնեկ թերութիւններու), ընկերային հաւասարակշռութիւն ստեղծելու միտող վարդապետութիւններուն գերագոյնն ալ եղաւ Ընկերվարութիւնը (հակառակ անոր դէմ վանողական տրամադրութիւն ստեղծող՝ Համայնավարութեան, խեղաթիւրող այլ դպրոցներու, կամ՝ նոյնինքն Ընկերվարութիւնը անճիշդ ու ձախաւեր կիրարկողներու)։
Ընկերաբաններու եւ մարդու իրաւունքներու կենսագործման հետամուտ շարժումներուն՝ այսօրուան մարդկութիւնը, հիմնականին մէջ արտադրող զանգուածը, աշխատաւորը շատ բան կը պարտին կեանքի-ապրուստի պայմաններու բարելաւման իմաստով։ Այդ շարժումներն էին, որ ծնունդ տուին աշխատաւորական խմբակցութիւններու ձեւաւորման եւ հզօրացման, արհեստակցական եւ այլ միութիւններու կազմակերպման։ Միտքին ընդառաջող գործնական քայլերուն՝ գործադուլներու եւ նման յեղափոխական քայլերու շնորհիւ էր որ աշխատողները իրաւունք ստացան կրճատելու իրենց աշխատանքի ժամերը, մինչեւ որ ընդհանրացան օրական 8 ժամի դրութիւնը, արձակուրդի եւ այլ իրաւունքներ։ Նոյն շարժումներուն իբրեւ արդիւնք, անչափահասները զերծ կացուցուեցան ո՛չ միայն տաժանակիր, այլ նաեւ ընդհանրապէս աշխատանքի հարկադրանքէն։ Աշխատող կիներ հետզհետէ յառաջ տարին իրե՛նց իրաւունքները։ Այս շարժումներուն ու պայքարներուն ճամբով էր որ զարգացում ապրեցան աշխատանքի մէջ ու արկածներու դէմ ապահովագրութեան, յաւելեալ աշխատանքը համապատասխան վարձատրութեան արժանացնելու, վճարովի արձակուրդի կամ հիւանդութեան շրջանին անվճար չթողուելու, եւ տակաւին, (հետզհետէ աւելի մեծ թիւ կազմող երկիրներու մէջ) որոշ տարիքէ մը ետք հանգստեան կոչուելու եւ ապրուստի որոշ ապահովութիւն ունենալու կարելիութիւնները, առողջական-հիւանդանոցային խնամքի հնարաւորութիւնները (նման կալուածներու չարաշահումն ու որոշ անպատեհութիւններ՝ բոլորովին այլ հարց)։ Իրաւունքներու հետապնդման պայքարը ունի իր երկար պատմութիւնն ու ելեւէջները, որոնց կը բաւականանանք անդրադառնալով այսպէս՝ հպանցիկ նշումներով միայն. սակայն համայնապատկերը աչքի առջեւ ունենալով, այսօր բոլորը իրարու զօթող կարմիր գիծերը կարելի է տեսնել դիւրութեամբ։
Եզրակացնելու, սակայն ոչ՝ քննարկումը սպառած սեպելու տրամադրութեամբ, նշենք, որ մարդը, մարդուն բարօրութիւնը հետապընդող մտաւորականն ու աշխատող խմբաւորումները, տարբեր ժամանակներու, եւ ժամանակի զարգացման հետ, աշխատած ու պայքարած են ի խնդիր Ճարտարարուեստի Յեղափոխութեան ստեղծած անպատեհութիւնները հակակշռելու եւ ընկերութեան մէջ աւելի արդար հաւասարակշռութիւն յառաջ բերելու նպատակով, եւ եթէ լիակատար յաջողութեան չեն հասած, ձախողութեան ալ չեն մատնուած, այլ յաջողած են որոշ հաւասարակշութիւն ստեղծել՝ աշխատող զանգուածին իրաւունքները պաշտպանելու եւ ապահովելու ճամբուն վրայ։ Այլ խօսքով, մեքենայացումի դարաշրջանին ընձեռած բարիքներուն դիմաց, մարդը շարունակած է անպատեհութիւնները հակակշռելու իր ուղին եւ քայլ առ քայլ ՅԵՂԱՓՈԽԱԾ է կեանքը։ Այս պայքարի պատմութիւնն ու արձանագրուած յաջողութիւնները գրաւական ու երաշխիք են, որ թուայնացումի հետեւանքներուն դարմանումն ալ պէտք է ու կրնա՛յ ստեղծել նոյն ուժգնութեամբ նոր յեղափոխութիւն մը։ Սա արդէն առանձին լուսարձակի կը կարօտի։
Սարգիս Մահսերէճեան