Զինուորական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ ՀՀ Զինեալ ուժերը յաջողած են աւելի քան 140 հեքթար տարածք ազատագրել, որուն հետեւանքով հայկական ուժերուն բարձր դիրքերէն ուղիղ նշանառութեան տակ յայտնուած է Ատրպէյճան-Վրաստան մայրուղին, թիրախային գօտիին մէջ են նաեւ ատրպէյճանական Իքինճի Շըխլը գիւղը եւ գիւղի ամբողջ ցանքային տարածութիւններն ու արօտավայրերը:
«Հայոց բանակը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ գետնի վրայ յառաջխաղացք արձանագրելու եւ զինուորական հարցերը դիւրաւ լուծելու հմտութեամբ օժտուած է։ Վերջին ամիսներուն, թշնամիին սահմանապահներուն դէմ պայքարի ընթացքին, ՀՀ Զինեալ Ուժերը լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած են Տաւուշի մարզի հիւսիսային հատուածին մէջ: Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան ստորաբաժանումները փորձած են դէպի միջդիրքային տարածք յառաջանալ եւ նոր բնագիծ բանալ «Պապաքեար» կոչուող լերան շրջակայքը, բայց գնդապետ Գրիգորի Խաչատուրովի հրամանատարութեամբ գործող ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան 3-րդ բանակային զօրամիաւորման մարտական ստորաբաժանումներուն դիմադրութեան հանդիպելով ՝ ստիպուած իրենց տարածքին մէջ մնացած են: Գերազանցելով հակառակորդը՝ ՀՀ Զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրցած են աւելի քան 140 հեքթար տարածք ազատագրել:
ՀՀ Զինեալ ուժերուն արդիւնաւէտ գործողութեան հետեւանքով կանգ առած է ոչ միայն թշնամիին սադրանքը, որ Հայաստան-Վրաստան մայրուղիին վրայ նպատակ ունէր վերահսկողութիւն հաստատել, այլ նաեւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու եւ պետական քարոզչամեքենայի համար յանկարծակի շրջադարձի պարագային հայկական ուժերուն ձեռք բերած գերադաս դիրքերէն ուղիղ նշանառութեան տակ յայտնուած է Ատրպէյճան-Վրաստան մայրուղին: Թիրախային գօտիի մէջ յայտնուած են նաեւ ատրպէյճանական Իքինճի Շըխլը գիւղը եւ գիւղի ամբողջ ցանքային տարածութիւններն ու արօտավայրերը: Աւելի կարեւոր է այն հանգամանքը, որ եթէ թշնամին յաջողէր իր յառաջանալու մտայղացումը իրականացնել, պիտի վտանգուէր Վրաստանէն Հայաստանի Հանրապետութիւն մտնող կազատար խողովակաշարի անվտանգութիւնը։ Սա ՀՀ-ի համար կենսական քայլ էր։
Փորձելով կանխել խուճապի տարածումը բնակչութեան մօտ, ինչպէս նաեւ բնակչութիւնը ոգեւորող կեղծ լուրեր մատուցելով՝ ատրպէյճանական քարոզչամեքենան պարբերաբար կը դիմէ տեղեկատուական պատերազմի՝ հրապարակելով տեղեկութիւն առ այն, որ իբրեւ թէ Ատրպէյճանի սահմանապահները յաջողութիւն եւ յառաջխաղացք արձանագրած են: Իրականութեան մէջ, վերջին շրջանին ատրպէյճանական զինուժը կրցած է փոքր տարածք գրաւել, սակայն ոչ թէ Հայաստանէն, այլ՝ դրացի Վրաստանէն: Այս մասին կրնաք աղմկայարոյց զանազան նիւթեր կարդալ վրացական մամուլին մէջ։ Փաստօրէն թշնամին չյաջողեցաւ Հայաստանի սահմանին աւելի մօտենալ:
Սովորաբար հայկական կողմը նման դէպքերուն լռութիւնը կը պահէ, բայց ի միտի ունենալով թշնամիին ապատեղեկատուական արշաւը մեզի դէմ ՝ կը կարծեմ, որ ՀՀ բնակչութիւնը այս իրողութիւնը պէտք էր իմանար, որպէսզի ապատեղեկատուական քարոզչութեան զոհ չդառնար։
Վերջին գործողութիւններուն պարագային ՀՀ Զինուած ուժերը յառաջանալով նոր բնագիծին մէջ ոչ միայն կրցան աւելի ամրապնդել սահմանակից մեր գիւղերու եւ ճամբաներու անվտանգութիւնը, այլեւ կրցան ատրպէյճանական մայրուղին վերահսկողութեան տակ առնել։ Սա պէտք է Պաքուի իշխանութիւններուն դաս ըլլայ։ Անոնք թող մեղաւորներ փնտռեն իրենց բարձրաստիճան, ապաշնորհ զինուորականներուն մէջ:
Այսպէս պէտք է պատժուի հակառակորդը՝ իր ամէն մէկ նախայարձակ գործողութեան համար, ստանալով արժանի հակայարձակում», գրած է Արթուր Եղիազարեան: