ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն Ամուլսարի հանքի շահագործման հարցին շուրջ ստեղծուած լարուածութեան պատճառը կը վերագրէ իշխանութիւններու հակասական, չկշռադատուած գործողութիւններուն։ Հասարակութեան մօտ մեծ սպասումներ կային, սակայն իրենք չկրցան սպասարկել հասարակութեան:

«Հարցին հանրային մեծ հնչեղութիւնը հաշուի առնելով կը գտնենք, որ պէտք է լրացուցիչ ուսումնասիրութիւններ կատարուին, եւ հարցը հանրաքուէի միջոցով լուծուի: Բերուած ապացոյցները համոզիչ չեն, պէտք է մասնագիտական խումբերու լրացուցիչ երկխօսութեան դիմենք եւ հարցը լուծենք հանրաքուէի միջոցով. թող մեր ժողովուրդը ինք որոշէ` պէ՞տք է հանքի շահագործումը մեզի, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան:
Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ իշխանութիւնները մշտապէս կը շեշտեն, որ ժողովուրդը պէտք է որոշէ եւ ըսէ, թէ մենք ինչ պէտք է ընենք: «Թող ժողովուրդը որոշէ, եթէ իրենք անկեղծ են: Այսինքն` ժողովուրդին պէտք են համապատասխան ապացոյցներ, հիմնաւորումներ, լրացուցիչ տեղեկութիւններ, որուն հիման վրայ հանրաքուէ կատարուի եւ որոշեն, պէ՞տք է հանքի շահագործումը մեր պետութեան, երկրին, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ հանրաքուէն կրնայ ըլլալ ոչ թէ տեղային` շրջակայ համայնքներու շրջանը, այլ՝ համընդհանուր:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչու՞ համոզիչ չեն բերուած հիմնաւորումները եւ արդեօ՞ք ճնշումներ կան կառավարութեան վրայ` ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը պատասխանեց, որ մէկ տարի առաջուընէ կառավարութիւնը պէտք չէ նման կարծիք ձեւաւորէր հասարակութեան մօտ, թէ Ամուլսարի հանքը չի շահագործուիր: «Ըստ էութեան, այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուէր: Ինչու՞ աշխատանքները մէկ տարի դադրեցան: Յստակ տեղեկութիւն չունինք` ճնշումներ կա՞ն, թէ՞ չկան, փաստեր չունինք, բայց ակնյայտ է, որ բերուած հիմնաւորումներն ու ապացոյցները համոզիչ չեն, եւ սա առիթ պէտք չէ հանդիսանայ, որ հասարակութիւնը լրացուցիչ բեւեռացուի կամ մեր հասարակութեան պառակտուածութիւնը աւելի խորանայ: Պէտք է համոզիչ ապացոյցներ բերեն եւ ճիշդ լուծումներ գտնեն», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է քաղաքական շրջադարձներ կատարուին այս առնչութեամբ, Սաղաթէլեան ըսաւ, որ այս հարցը շատ «ջուր կը վերցնէ» եւ կը շարունակէ քաղաքական-հասարակական օրակարգի վրայ մնալ, անյայտ է»:

Նելլի Լազարեան