«Ապառաժ».-22 Օգոստոսին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդ հրապարակին մէջ հանդիսաւոր կերպով կատարուած է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) Արցախի մասնաճիւղի բացման արարողութիւնը: ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղը թիւով 111-րդն է եւ հիմնուած է մօտ մէկ ամիս տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք: Բացման արարողութեան ներկայ էին ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, պետնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պետական մարդիկ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀՄԸՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ հիւրեր: Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը ստեղծուած է 1918թ. Կ. Պոլսոյ մէջ: ՀՄԸՄ-ը կը գործէ աշխարհի 5 ցամաքամասերու մօտաւորապէս 24 երկիրներու մէջ, ունի 111 մասնաճիւղեր եւ միաւորներ: ՀՄԸՄ-ը ունի սկաուտական եւ մարզական ուղղութիւններ: Սկաուտական շարժման նպատակն է աջակցիլ հայ երիտասարդներուն բացայայտելու իրենց ֆիզիքական, մտաւոր, զգացական, հասարակական ու հոգեւոր ներուժը, որպէսզի անոնք իբրեւ բարոյակական բարձր արժէքներու տէր, հաւատաւոր, առողջ ու արի համագործակցութեան ու ընկերասիրութեան ոգիով դաստիարակաւած անհատներ ու քաղաքացիներ, ծառայեն տեղական, ազգային եւ միջազգային համայնքներուն` ի շահ հայրենիքի:

Տ.Ա.