Թորոնթոյէն Հրաչ Ճապրայեան, որ 2011-էն մինչեւ 2016 վարած է Կապանի Ոսկիի հանքի տնօրէնի պաշտօնը, իսկ այժմ աշխատանքային այլ նախաձեռնութիւններու դիմած է Հայաստանի մէջ, հիմը դրած է «Նարէ, Մանէ եւ Մոնթէ-Դրօ Ճապրայեաններ» հիմնադրամին, որուն ղեկավարութիւնը վստահած է Հայրենադարձութեան Խորհրդատուութեան Գրասենեակին: Այս հիմնադրամին նպատակն է հայրենադարձ հինգ ընտանիքներու, որոնք որոշած են հաստատուիլ Շուշի, տրամադրել տան վարձակալութեան ծախսը` հինգ տարուան համար: «Նախապայմանը այն է, որ ամբողջ ընտանիքը հաստատուի Շուշի եւ կա՛մ գործ ստեղծէ Շուշիի, Ստեփանակերտի կամ Արցախի մէկ այլ քաղաքի մէջ, կամ աշխատանք գտնէ Արցախի մէջ ու ընտանիքը ապրի Շուշի բնակող բոլոր ընտանիքներու բնականոն կեանքով. դպրոց, աշխատանք, առողջապահութիւն, մշակութային կեանք, տուրքերու վճարում եւայլն», յայտնեց Հրաչ Ճապրայեան: «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին կողմէ հաստատուած Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը պիտի զբաղի այս ծրագիրին գործնական մանրամասնութիւններով», եզրափակեց ան: «Ոիրախ ենք մեր յանձնախումբին ու գրասենեակին հանդէպ ընկեր Հրաչին տածած վստահութեան ի տես: Կասկած չունինք, որ շուտով արտերկրէն մեծ թիւով հայ ընտանիքներ պիտի դիմեն մեզի, որպէսզի միանան Շուշի ապրող մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս ըրաւ Կիւրիւնէաններու ընտանիքը, որպէս այս հիմնադրամի առաջին շահառուն», ընդգծեց Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակի վարիչ Արազ Գայմաքամեան: Շուշի հաստատուիլ փափաքող ընտանիքները կրնան Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակին դիմում գրել hayrenatarts@gmail.com հասցէով եւ պայմաններուն ծանօթանալ:

Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակ
Երեւան, 19 Օգոստոս 2019թ.