Երէկ երեկոյեան, սուրիական լրատուամիջոցները յայտարարեցին, որ սուրիական բանակը մուտք գործած է Իտլիպի հարաւային շրջանին մէջ ռազմավարական եւ աշխարհագրական նշանակութիւն ունեցող աւանը՝ Խան Շէյխունը, ուր տեղակայուած էր զինեալ ահաբեկիչներու մեծամասնութիւնը։

Զինեալ ահաբեկիչները նահանջած են դէպի հիւսիսային գիւղեր։
Այսօր առաւօտեան ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը սկսած է ականազերծել Խան Շէյխունը եւ մաքրել ահաբեկիչներուն թողած հետքերը։
Բանակը այսօր յառաջանալով ազատագրած է նաեւ Համայի հիւսիսային գիւղերէն Լաթամինա, Լաթմին, Մորաք, Մաարքէպէ, Քէֆէրզէթէ եւ Լահայա գիւղերը։