«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերին Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկացիներու միութեան կազմակերպած եւ 7 Օգոստոսին տեղի ունեցած Ասորիներու յիշատակի օրուան ոգեկոչման ձեռնարկին:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան։
Յիշեցնենք, որ այս տարուան 22 Յուլիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկացիներու միութիւնը ստորագրած էին փոխըմբռնումի եւ գործակցութեան յուշագիր մը՝ հայ եւ ասորի համայնքներու իրաւանց պաշտպան այս կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը պաշտօնականացնելու եւ սերտացնելու նպատակով:
«Հայերու եւ ասորիներու յարաբերութիւնները հազարամեակներու պատմութիւն ունին եւ հաւատարիմ մնալով այդ պատմութեան՝ այժմ երկու համայնքները միասնաբար կը պայքարին 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան ձեռամբ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ ցեղասպանական արարքներուն իրականութիւնը աշխարհին պարզելու եւ վնասուց հատուցում ապահովելու համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Աւելցնենք, որ յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով է, որ Հայ Դատէն ներկայացուցիչներ կը մասնակցին Ասորիներու յիշատակի օրուան ոգեկոչման ձեռնարկներուն։