Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէթահայ Ազգային Գործիչ Կիրակոս Գույումճեանը Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2019-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին այցելեց քուէթահայ ազգային գործիչ, բարերար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեանը: Կիրակոս Գույումճեանը ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է քուէթահայ համայնքին մէջ եւ իր նիւթական ու բարոյական մասնակցութիւնը բերած է համայնքի ազգային կեանքին մէջ: Անոր այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ազգային կեանքին առնչուած զարգացումներուն: Ան նաեւ վեհափառ տիրոջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական բարգաւաճման համար իր նախաձեռնած «Գնեցէք Հայաստանէն-Shop In Armenia» ծրագրին մանրամասնութիւնները, այդ ուղղութեամբ կատարած քարոզչական եւ կազմակերպչական աշխատանքները: Վեհափառ տէրը, ինչպէս` հայրենաշէն բոլոր ծրագիրներու պարագային մեծապէս գնահատեց եւ իր օրհնութիւնը տուաւ «Գնեցէք Հայաստանէն» ծրագիրի գործադրութեան եւ յաջողութեան: