«Արմէնփրէս».- ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Նարինէ Խաչատուրեան ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է Կիւմրիի «Կումայրի» պատմաճարտարապետական արգելոցը ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան յուշարձաններու ցանկին մէջ ներառելու հարցը:
«ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Նարինէ Խաչատուրեան 23 Օգոստոսին ընդունած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի մշակոյթի հարցերու տնօրինութեան արտակարգ իրավիճակներու կանխարգիլման եւ հակազդեցութեան ստորաբաժանման ղեկավար Ճովաննի Պոքարտին եւ փրոֆէսոր Անտրէա Ճիաննանտինին: Կողմերը կարեւոր համարած են «Կումայրի» պատմաճարտարապետական արգելոցի երկրաշարժային անվտանգութեան ուսումնասիրութիւնն ու եզրակացութեան հասնելու հարցը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: