«Ապառաժ».- 22-28 Օգոստոսին Ասկերանի շրջանին Պատարա շրջանին մէջ ընթացք առաւ անցնող օրերուն հիմնուած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին առաջին բանակումը:

Ստուեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Արցախի մասնաճիւղի բացման արարողութենէն ետք, սկաուտները շքերթով հասան ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն, որմէ ետք անցած են բանակավայր:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութենէն ՀՄԸՄ 111-րդ մասնաճիւղի աշխատանքները հունաւորելու նպատակով Լիբանանէն Արցախ գործուղուած Նարեկ Հանէեան յայտնեց, որ բանակումը նպատակ ունի ինքնագիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումով օժտել սկաուտները:
«Սկաուտները խոստում ունին` հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ, ծառայել ազգին ու հայրենիքին, միշտ օգնել ուրիշներուն եւ գործել իբրեւ պարտականութեան գիտակից արի, վեհանձն մարդ, ինչպէս նաեւ հնազանդիլ հայ սկաուտներու դաւանանքներուն: Վրանային բանակումները ՀՄԸՄ-ի խոստումին վարժուելու լաւագոյն միջոցներն են», իր խօսքին մէջ ըսած է Նարեկ Հանէեան:
Յայտնենք, որ մէկ շաբաթ տեւող բանակումին կը մասնակցին 80 սկաուտներ, որոնք պիտի ծանօթանան գոյատեւման միջոցներուն, պարաններով, փայտերով կայմերու, կամուրջներու եւ աշտարակներու պատրաստման եղանակներուն: Բանակումի ընթացքին պիտի կազմակերպուին նաեւ արշաւագնացութիւններ: