ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Ամուլսարի շահագործման առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածեց, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնած էր այն իրողութեան մասին, որ Ամուլսարի հանքի շահագործման համար հրապարակուած եզրակացութիւնները բաւարար համոզում եւ վստահութիւն չեն ներշնչեր ինչպէս հանրային, այնպէս ալ մասնագիտական շրջանակներու մէջ: ՀՅԴ-ն նաեւ կոչ ուղղած էր հանրաքուէի միոցով հասնիլ Ամուլսարի հարցի լուծման:

2016-ին, երբ Ամուլսարի մէջ սկսած էին շինարարական աշխատանքները, բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէր ՀՅԴ ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին բացատրեց, թէ ինչու ՀՅԴ-ն ներկայիս հանրաքուէի անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ, իսկ 2016 թ.-ին դէմ չէր արտայայտուեր Ամուլսարի շինարարական աշխատանքներուն համար:
«Հանքի շահագործման թոյլտուութիւնը տրուած էր շատ աւելի առաջ, քան Արծուիկ Մինասեանի նախարար նշանակուիլը: Բացի այդ, մի մոռնաք, որ 2016-ին հանրային այսպիսի հուժկու ընդդիմութիւն չկար: Հարցը կար, կը խօսուէր անոր մասին, բայց գագաթնահայեցութիւն վերջերս եղաւ: Հիմա իրավիճակը փոխուած է: Իշխանութիւնները կ’ըսեն, որ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, ուղղակի ժողովրդավարութեան կողմնակից են:
Մենք կ՛ըսենք` եթէ իրապէս ժողովրդավարութեան կողմնակից էք, պէտք է լայնածաւալ քննարկում կատարուի, եւ քաղաքացիները որոշում առնեն: Հասարակութիւնը իսկապէս այս հարցին շուրջ երկփեղկուած է, ELARD-ի փորձաքննութիւնն ալ փորձագիտական շրջանակներու մէջ վստահութիւն չի ներշնչեր», ըսաւ ան:
Արթուր Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ Ամուլսարի հարցով հանրաքուէ կատարելու առաջարկով` Դաշնակցութիւնը ստեղծուած իրավիճակին լուծման համար միջոց կ’առաջարկէ: Անոր համաձայն, հանրաքուէն հասարակութեան համերաշխութիւնը ապահովելու գործիքներէն մէկն է:
«Ամուլսարի շուրջ նման իրավիճակը առաջացաւ նաեւ այս իշխանութիւններուն անգործութեան հետեւանքով: Անցեալ տարուան Մայիսէն Ամուլսարի մէջ գործընթացներ տեղի կ’ունենան, իսկ իշխանութիւնները ընդհանրապէս չէին խառնուեր: Ժողովուրդին, ջերմուկցիներուն, բնապահպաններուն մոտ սպասումներ առաջացած էին, հիմա յուսախաբ կ’ընեն: Անոր համար կ’ըսենք, որ հիմա թող տարբեր փորձագէտներ խօսին բնապահպանական, տնտեսական ազդեցութեան մասին, հարցը դրուի հանրաքուէի, մենք ալ մեր դիրքորոշումը կ’ըսենք, ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:
«Իմ Քայլը» խմբակցութեան որոշ պատգամաւորներ ճիշդ չեն համարեր հանրաքուէի միջոցով Ամուլսարի հարցին լուծումը: Մասնաւորապէս, ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Բաբկէն Թունեան յայտարարած էր, որ չէր փափաքէր, որ Ամուլսարի հարցին շուրջ որոշիչ դառնար «անգրագէտ Պօղոսի» ձայնը: Իսկ Յովիկ Աղազարեանի կարծիքին համաձայն ջերմուկցիներու եւ սարի յարակից համայնքներու բնակիչներու քուէարկութիւնը շահագործման նպատակայարմարութեան իրական պատկերը չ’արտայայտէր: Պատգամաւորին համաձայն, անոնց դիրքորոշումը կանխատեսելի է. «պարզ է, որ ջերմուկցին կ’ըսէ, որ ես չեմ ուզեր»:
Արթուր Խաչատրեան համաձայն չէ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն տեսակէտներուն հետ: Անոր խօսքին համաձայն ընտրութիւններէն առաջ ալ կուսակցութիւնները տնտեսական, արտաքին, պաշտպանական եւ այլ ոլորտներու քաղաքականութիւններ կ’առաջարկեն, «բայց այդ «անգրագէտ» մարդիկ ինչպէ՞ս կ’ընտրէին, որոշում կը կայացնէին»:
«Հիմա շատերը կ’ըսեն` ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ այդ որոշումը առնէ: Ես ալ կ’ըսեմ` իշխանութիւնները կը յայտարարէին, որ Ղարաբաղի հարցը հրապարակուած է լուծուելու, ինչու՞ որեւէ մէկը չըսաւ` ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնա՞յ հրապարակաւ կարեւոր որոշում առնէ: Եթէ իշխանութիւնները պատրաստ էին Արցախի հարցը հրապարակաւ լուծել, Ամուլսարի հանքի շահագործումը ինչու՞ չեն կրնար: Վերջ ի վերջոյ, նաեւ իրենց բնորոշումով այդ «անգրագէտ պօղոսներ»ը իշխանութիւն կը ձեւաւորեն: Իրենք ի՞նչ է, կ’առաջարկեն ընտրական իրաւունքը վերացնե՞լ: Հիմա կ’ըսեն` որոշում առնելը ժողովուրդին վրայ ձգելը պատասխանատուութենէն խուսափիլ կը նշանակէ: Այս պարագային Արցախի հարցին մէջ ինչո՞ւ պատասխանատուութենէն կը խուսափիք, չէ որ` Արցախը ազգի գոյութեան հարցն է», նկատեց Արթուր Խաչատրեան:

Յակոբ Ասլանեան