Երէկ գիշեր, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Դամասկոսի ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան հրթիռներուն՝ վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, գիշերուան ժամը 11:30-ին, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը նկատած են Կոլանի բարձունքներուն կողմէ Դամասկոսի ուղղութեամբ Իսրայէլի արձակած հրթիռները եւ անմիջապէս հակադարձելով վար առած են անոնց մեծամասնութիւնը, նախքան անոնց թիրախին հասնիլը։