«Անթիլիաս».-Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 30 Յուլիս 2019-ին դա՛րձեալ դիմեց թրքական դատարան, օրինական հայց ներկայացնելով Սիսի նախադատատեանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանին վերադարձը:

Արդարեւ, Ն.ՕՏՏ Արամ Ա կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Կաթողիկոսարանի հետ աշխատակցող միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերու ունեցած աշխատանքային եւ խորհրդակցական հանդիպումներու լոյսին տակ, որոշուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը ներկայացնել Թուրքիոյ Սիս (Քոզան) քաղաքի նախադատ ատեանին:

Շուրջ հազար էջերէ բաղկացած թղթածրարը պատրաստուած է իրաւական զոյգ յանձնախումբերու միացեալ աշխատանքով՝ հիմնուելով թրքական օրէնքի տրամադրութիւններուն, միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանի պաշտպանած իրաւունքներուն վրայ, բաց ու ապահով պահելով Եւրոպական Դատարան վերադառնալու ուղին:

Յիշեցնենք, որ սոյն դատական հայցը կ’իյնայ Ապրիլ 2015-ին Կաթողիկոսարանի սկսած դատական գործընթացի ծիրէն ներս: