Երկուշաբթի, 26 Օգոստոս 2019-ին, Լիբանանեան տեղական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ առաւօտեան ժամերուն իսրայէլեան պատերազմական «MK» մակնիշով ինքնաթիռ մը յարձակում գործած է սուրիական լիբանանեան սահմանին վրայ գտնուող Քոսիա շրջանի Պաղեստինեան Ժողովրդական ճակատին ընդհանուր ղեկավարութեան կեդրոնին ուղղութեամբ: Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ:
Յիշենք, որ նախորդ շաբաթ, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Դամասկոսի ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան հրթիռներուն։
ՍԱՆԱ-ի համաձայն, գիշերուան ժամը 11:30-ին, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը նկատած են Կոլանի բարձունքներուն կողմէ Դամասկոսի ուղղութեամբ Իսրայէլի արձակած հրթիռները եւ անմիջապէս հակադարձելով վար առած են անոնց մեծամասնութիւնը, նախքան թիրախին հասնիլը։