Երեքշաբթի, 27 Օգոստոս 2019-ին, Սուրիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար երկրաչափ Ալի Համմուտ յայտնեց, որ նախարարութիւնը կ’ուսումնասիրէ Լաթաքիան-Ղապը եւ Հալէպը միացնող ստորգետնեայ ճամբայ մը կառուցել:

Ուսումնասիրութեան սկզբնական արդիւնքներուն համաձայն, ստորգետնեայ ճամբուն երկայնքը 13 քլմ. է, զայն կարելի է կտրել 7 վայրկեանէն: