Արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ հոս ենք եւ մեր տան պատշգամէն մեր առջեւ կը բացուի շարունակուող ողբերգութիւնը հայ անկախ պետականութեան Հիմնադիր Հայր՝ Արամի տան։ «Հին Երեւան Մոլ»ին պատերը արդէն վաղուց բարձրացած են։ Անոնք բարձրացած են արհամարհական իրականութեամբ մը եւ կանգնած են հզօր՝ Արամի տան աւերակին դէմ յանդիման։

Ո՞ր կողմէն որ նայիք՝ շուկայական այս նոր համալիրին պեթոնէ կմախքը հետզհետէ գերիշխող կը դառնայ թաղի նեղսիրտ առօրեային վրայ։ Նեղսիրտ են այս փողոցները, քանի որ իրենք նախատեսուած չէին ինքնաշարժային այս խիտ ու ջղային երթեւեկին համար։ Նեղսիրտ են, քանի որ կայանուած ինքնաշարժերու դիզուածքը ոչ մէկ լուսանցք կը թողու մարդկային երթեւեկին համար։ Նեղսիրտ են, քանի որ կուտակուած է աղբը ամէն կողմ եւ կը մերժէ անհետանալ…Նեղսիրտ են, քանի որ թաղը անզօր է ինքնիր ճակատագիրը տնօրինելու։ Թաղը արդէն վաղուց չքացած է իր տեղը զիջելով բարձրայարկ շէնքերու անսիրտ կամայականութեան։ Այդ շէնքերէն մէկուն մէջ այժմ կը բնակինք նաեւ մենք։
Հանրապետութեան Հրապարակէն քայլ մը անդին, քաղաքի այս շրջանը խորհրդանշող երբեմնի անշուք եւ անսեթեւեթ բակերը իրենց մէջ-մէջի տուներու մեղուաբոյնով արդէն իսկ եղած են արմատախիլ եւ երեք նեղ գռիհներու կեանքէն ներս մտած է «Հին Երեւան Մոլ»ի գոռոզ պահանջատիրութիւնը… Այսինքն տարիներէ ի վեր ծրագրուող այս փակ շուկան՝ որ պիտի տարածուի Արամ, Կողբացի եւ Բուզանդ փողոցներու հիւսուածքէն ներս իսպառ ջնջելով յիշատակը երբեմնի մտերմիկ Երեւանին։
Ան պիտի ջնջէ նաև յիշատակը Արամի տան, եթէ հանրութեան հաւաքական խղճմտանքը դուրս չգայ իր առասպելական թմբիրէն…
Պեթոնի զանգուածները հոգի չունին։ Անոնք չունին յիշողութիւն։ Անոնք նոր Հայաստան մըն են, որ առընչութիւն չունի իր ժառանգութեան հետ։ Անոնք կ՚ապրին առանց ինքնութեան, առանց կապի, առանց հաղորդութեան, առանց սիրոյ։ Անոնք չունին զգայարանք, չունին օրհներգ, չունին դրօշ, չունին զինանշան։ Անոնք չունին լեզու, չունին ուղղագրութիւն, չունին յստակ այբուբեն։ Անոնք չունին ձեռագիր, չունին հպարտ խտրականութիւն, չունին ոճ եւ ճարտարապետութիւն։ Անոնք երեսպատուած են պատմութեան կեղծ որմերով եւ հետեւաբար չունին պատմութիւն։ Չունին յանձնառութիւն իրենց ինքնութեան հանդէպ, քանի որ չունին ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ։ Անոնք կը պատկանին շուկայական տնտեսութեան տէրերուն։ Կը պատկանին շահատէրերուն։ Կը պատկանին ամենազօր օլիգարխիային, որ կ՚իշխէ ամէն եկող-գացող իշխանութեան որոշումներուն։
Երեկոյեան այս ժամուն, երբ այս պատշգամէն կը դիտեմ Արամի տան աւերակը «Հին Երեւան Մոլ»ի մոլագարութեան դէմ յանդիման, կը լսեմ անձայն կռիւը երկուքին միջև։ Պեթոնէ պատերը իրենց անհուն տգիտութեամբ կը պոռան աւերակի երեսն ի վար՝ դուն ի՞նչ գործ ունիս հոս, դուն ի՞նչ իրաւունք ունիս հոս ըլլալու, այ ողորմելի…որուն ի պատասխան աւերակը կը լռէ, ինչպէս լռած է իր ժողովուրդը արդէն դար մը ամբողջ և կուլ տուած՝ անպատւութիւնը իր գոյութեան ինքզինք դնելով իրերայաջորդ բռնատէրերու և անհարազատ վարչակարգերու ենթակայութեան տակ։ Անդրադարձէ՛ք վերջապէս։ Արամի տան աւերակը մենք ենք։ Մենք ենք այդ բզկտւած արարածը 2019-ի այս Սեպտեմբերին, հարիւր տարի ետք այն օրէն, երբ Արամի պարտասած մարմինը իր վերջին հրաժեշտը կու տար կեանքին այս ցաւոտ տան պատերուն միջև։ Մենք կրնայինք ըլլալ Արա՛մը և ապրիլ արժանապատւութեամբ։ Ապրի՛լ մեծութեամբ։ Ապրի՛լ հրաշագործելու հզօր կամքով։ Բայց մենք նախընտրեցինք ըլլալ այսօրուան այս աւերակը և ծունկի գալ շահատէրերու, վաշխառուներու և շահագործող ցեցերու կամքին առջև։ Վա՛յ մեզի։

Կարօ Արմէնեան
13 Սեպտեմբեր 2019
Երեւան