21 Սեպտեմբերին, ժամը 17:00-ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու կազմակերպած «Անկախութեան երթ – Մեր հայրենիք» խորագիրով տօնական նախաձեռնութիւնը:
Քայլերթը կը սկսի Մատենադարանի յարակից տարածքէն ժամը 17:00-ին: Մասնակիցները քայլերթով պիտի մեկնին Մաշտոցի պողոտայէն, Ամիրեան փողոցէն դէպի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանը, որուն մօտ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ` ազգային երգերու մեկնաբաններու եւ Adana Project խումբին մասնակցութեամբ: