Մեզ­մէ շա­տեր լաւ չեն խօ­սիր, նոյ­նիսկ մշակ­ուած ու զար­գա­ցած մար­դիկ վատ կը կար­դան եւ կա­րո­ղու­թիւն չու­նին քիչ թէ շատ կո- կ­ուած, ճշգ­րիտ ու գե­ղե­ցիկ եր­կու խօսք ար­տա­սա­նե­լու։ Այս կա­ցութ­եան գլ­խա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն անշուշտ դպ­րոցն է։
Մեր աշա­կերտ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս մտ­քի պայ­ծա­ռու­թիւն եւ պար­զու­թիւն չու­նին, անոնց ստա­ցած գի­տե­լիք­նե­րը մեծ մասով ան­բա­ւա­րար եւ ան­կա­տար են, անոնք դպ­րո­ցին մէջ շատ բան լսած են, ինչ­պէս եւ բա­զում տե­ղե­կու­թիւն­ներ քաղած իրենց ու­սու­ցիչ­նե­րէն, սա­կայն սահ­մա­նա­փակ տա­րո­ղու­թեամբ ի վի­ճա­կի են պատ­մե­լու իրենց գիտ­ցած­նե­րը։ Որով­հե­տեւ մեր կր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներս առա­ւե­լա­բար կա­րե­ւո­րու­թիւն կ’ըն­ծայ­ուի լսե­լուն եւ գրե­լուն քան կեն­դա­նի, բա­նա­ւոր խօս­քը գոր­ծա­ծե­լուն, մա­նա­ւանդ որ ու­սու­ցիչ­ներ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ իրենց աշա­կերտ­նե­րուն կը զլա­նան լման խօս­քի առի­թը, իսկ անոնց տր­ուած հար­ցադ­րում­նե­րուն հա­մար կը բա­ւա­կա­նա­նան կի­սատ-թե­րի պատաս­խան­նե­րով, եւ անընդ­հատ իրենք կը խօ­սին, երբ այն­քան անհ­րա­ժեշտ է որ խօ­սին աշա­կերտ­նե­րը։
Ու­սու­ցիչ­նե­րու կող­մէ յա­րա­տե­ւ-   օրէն օգ­տա­գոր­ծուող հրա­հանգ­ներն են. «Մտիկ ըրէ՛ք, լուռ կե­ցէ՛ք, ձայ­նե­րը կտ­րե­ցէ՛ք, մի՛ խօ­սիք, բե­րան­նե­րը գոց պա­հե­ցէ՛ք, ու­շադ­րու­թիւն դար­ձու­ցէ՛ք» եւ նման այլ բա­ցա­գան­չու­թիւն­ներ։ Անոնք ան­գիր օրէն­քով մը մեր կր­թա­րան­նե­րէն ներս ստանձ­նած են հե­ղի­նա­կա­ւո­րա­պէս խօ­սե­լու, հրա­հան­գե­լու եւ յան­դի­մա­նե­լու պարտա­կա­նու­թիւն, ու­սա­նող­նե­րուն պար­տադ­րե­լով միշտ ունկնդ­րո­ղի եւ լուռ հա­մա­կեր­պո­ղի կրա­ւո­րա­կան վի­ճա­կը, ինչ որ կը մղէ զա­նոնք (այդ փոք­րա­հա­սակ­նե­րը) երե­ւու­թա­պէս մտիկ ընել ձե­ւա­նա­լու, բայց իրո­ղա­պէս չա­րա- ճ­ճի արարք­ներ խոր­հե­լու կամ ման­կա­կան ան­մեղ դա­ւադ­րու­թիւն­ներ սար­քե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու։
Կր­թա­կան մշակ­ներ առ­հա­սա­րակ խօ­սի­լը մե­նաշ­նոր­հի վե­րա­ծած են։ Կը սկ­սին խօ­սիլ դա­սա­րան մուտ­քին հետ իսկ, առանց հար­ցադ­րու­մի սպա­սե­լու, կար­ծէք ինք­նա­կոչ բա­նա­խօս­ներ ըլ­լան։ Անոնք կը խօ­սին, կը քա­րո­զեն, կը բա­ցատ­րեն անընդ­հատ դա­սա­րա­նը վե­րա­ծե­լով ճա­ռա­խօ­սու­թեան ամպի­ո­նի եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս մոռ­նա­լով անոր համագործակցական եւ աշ­խա­տա­նո­ցա­յին բնոյ­թը։
Դաստ­ի­ա­րակ­ներ եր­բեմն հար­ցում­ներ կ’ուղ­ղեն աշա­կեր­տին, սա­կայն առանց պա­տաս­խա­նի սպա­սե­լու իրենց հարցադրու­մին իրենք կը պա­տաս­խա­նեն։ Իսկ եթէ հար­ցադ­րուող տղան ու­շիմ, ջա­նա­սէր եւ նա­խան­ձախն­դիր ըլ­լայ, այն ատեն կը խօ­սին եր­կու­քը՝ ու­սու­ցիչ եւ աշա­կերտ մի­աս­նա­բար, մէ­կը միւ­սը գե­րա­զան­ցել փոր­ձե­լով, ան­շուշտ ու­սու­ցի­չը միշտ աւե­լի բարձր, աւե­լի արագ, աւե­լի ան­տե­ղի­տա­լի եւ մա­նա­ւանդ՝ աւե­լի տի­րա­կան, մին­չեւ որ խու­ճա­պա­հար տղան ան­զօ­րութ­եան մատն­ուի, նա­հան­ջէ եւ լռէ… իսկ «յաղ­թա­կան» ու­սու­ցի­չին բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը այն­քա՜ն կ’եր­կա­րին, այն­քա՜ն կը ծան­ծա­ղին, որ պար­տա­սած եւ թուլ­ցած հէք փոք­րի­կը, ոչ միայն կը սպա­ռի ոտ­քի սպա­սե­լով, այլ աւե­լին՝ իր խօս­քը զս­պե­լու ներ­քին ճի­գին մէջ կ’ապ­րի մղ­ձա­ւան­ջա­յին ան­հան­դուր­ժե­լի պա­հեր, ակա­մայ ճն­շե­լով եւ մոխ­րաց­նե­լով ինք­նար­տա­յայ­տու­թեան բուռն ցան­կու­թիւնն ու խան­ձող հրայր­քը։
Աշա­կերտ­ներ ընդ­հան­րա­պէս կրա­ւո­րա­կան ըն­դու­նա­րան­նե­րու վե­րած­ուած են մեր դպ­րոց­նե­րէն ներս։ Ազատ, ինքնակամ եւ ինք­նա­տիպ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, որ երե­խա­յին հա­մար կեն­սա­տու աղ­բիւր է եւ գե­րա­զան­ցօ­րէն ար­դիւ­նա­ւէտ մի­ջոց գի­տու­թիւն ամ­բա­րե­լու, գրե­թէ կը մնայ ան­ծա­նօթ մեր կր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար։
Այս­պէս՝ ու­սու­ցիչ­ներ իրենց հո­գա­ծու­թեան վս­տահ­ուած սա­նե­րը ան­գոր­ծու­թեան կը մատ­նեն ճիշդ այն պա­հուն, երբ անոնց աշ­խու­ժու­թիւնը բարձ­րա­կէտ աս­տի­ճա­նի վրայ կը գտն­ուի։ Այլ խօս­քով՝ անոնք ամ­լու­թեան կը դա­տա­պար­տեն աշա­կերտ­նե­րը իրենց կի­րար­կած անհ­րա­պոյր, նախ­նա­կան եւ կա­ղա­պար­ուած դա­սա­ւան­դութ­եամբ։
Այս­տեղ անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տենք փա­կա­գիծ մը բա­նա­լով կա­տա­րել հե­տեւ­եալ հաս­տա­տում­նե­րը.
– Մենք ըն­դու­նակ ենք ճար­տա­րու­թեամբ եւ սպա­ռիչ կեր­պով խօ­սե­լու այն նիւ­թե­րուն եւ խն­դիր­նե­րուն շուրջ, որոնց քաջա­պէս ծա­նօթ ենք։
– Երբ տի­րա­պե­տած ենք որե­ւէ ճշ­մար­տու­թեան, կր­նանք բարձ­րա­ձայն, պարզ, բիւ­րեղ եւ սա­հուն կեր­պով ար­տա­յայտ­ուիլ անոր մա­սին։
– Իւ­րա­քան­չիւր մտա­ծում կամ պատ­կե­րա­ցում իս­կա­կան սե­փա­կա­նու­թիւն կը դառ­նայ մե­զի, երբ կը պե­ղենք եւ կը գտնենք զա­նոնք մատ­չելի­օ­րէն այ­լոց փո­խան­ցե­լու ամե­նա­դի­պուկ բա­ռերն ու ամե­նա­յար­մար տա­րազ­նե­րը։
– Հասկ­նա­լի խօս­քը յս­տակ մտա­ծո­ղու­թեան ամե­նա­շօ­շա­փե­լի ապա­ցոյցն է, իսկ իրաւ ու­սու­ցու­մը հեշտ եւ բարձ­րա­ձայն խօ­սակ­ցութ­եամբ առաջ կը տար­ուի։
Տա­րօ­րի­նակ չէ ու­րեմն, որ դպ­րո­ցի մը ու­սում­նակր­թա­կան գոր­ծըն­թա­ցը գնա­հա­տե­լու կամ անոր մա­սին բա­ւա­րար գաղա­փար կազ­մե­լու հա­մար, բա­նի­մաց մար­դիկ յա­ճախ հիմք ըն­դու­նին ու­սա­նող­նե­րու ար­տա­քին կեր­պա­րանքն ու վերա­բե­րու­մը, եւ յատ­կա­պէս՝ անոնց կար­դա­լու, պա­տաս­խա­նե­լու եւ խօ­սե­լու ըն­դու­նա­կու­թիւնը։
Դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան կեան­քին իրա­զեկ մար­դոց դա­տո­ղու­թեամբ, աշա­կերտ­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը մեծ չա­փով պայմանա­ւոր­ուած են ար­տա­քին ու­նա­կու­թիւն­նե­րու զար­գաց­մամբ, ստոյգ գի­տե­լիք­ներ եւ լու­սա­ւոր մտ­քեր ձեռք բե­րե­լու հե­տա-մ­տու­թեամբ, ինչ­պէս նա­եւ ինք­նավս­տահ, յս­տա­կա­ձայն, ճշգ­րիտ, որո­շա­կի եւ սա­հուն կեր­պով ար­տա­յայտ­ուե­լու վար­ժու­թեամբ։ Այ­սինքն այն­պի­սի ըն­թաց­քով, որ ճա­րա­խօ­սի կամ պատ­գա­մա­խօ­սի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն չի յանձնարարեր ու­սու­ցի­չին, ոչ ալ համր ունկնդ­րու­թեան կամ ան­գոր­ծու­թեան կը դա­տա­պար­տէ աշա­կերտ­նե­րը, քա­նի որ ու­սուց­ման նմա­նօ­րի­նակ դրու­թիւն մը ուղ­ղա­կի տան­ջանք կը պատ­ճա­ռէ ինք­նամ­շակ­ման կամ ինք­նա­գոր­ծու­նէ­ու­թեան ձգ­տող ջա­նա­դիր, աշ­խոյժ մար­դոց եւ կեն­սու­նակ երե­խա­նե­րուն։
Ու­սու­ցո­ղա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս պէտք է զգու­շա­նալ այն ան­հիմն եւ խե­ղա­թիւր­եալ հաս­կա­ցու­թե­նէն, որ նախակրթարա­նի առա­ջին տա­րի­նե­րուն այն­քան ալ անհրա­ժեշտ չի հա­մա­րեր վճիտ, ան­կաշ­կանդ եւ բարձ­րա­ձայն խօսիլն ու կար­դա­լը, մին­չեւ ան­գամ թոյ­լատ­րե­լի կը գտ­նէ երե­խա­նե­րու կող­մէ ար­տա­բեր­ուած կի­սատ, վա­րա­նոտ, անյստակ պա­տաս­խան­նե­րը, առաջ քշե­լով այն բա­ցատ­րու­թիւնը, թէ այդ անա­ւարտ թո­թո­վանք­նե­րը, տար­տամ բարբառում­նե­րը, ան­կա­տար խօս­քե­րը, ժա­մա­նակ մը ետք, երբ ամ­բող­ջա­նան երե­խա­նե­րու հա­սու­նու­թիւնն ու գիտակցա­կան կազ­մա­ւո­րու­մը, ինք­նա­բե­րա­բար պի­տի հա­մալր­ուին եւ կա­տա­րե­լա­գործ­ուին վե­րած­ուե­լով յս­տա­կա­հունչ, գե­ղե­ցիկ, ջինջ եւ դիւ­րա­հաս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու։ Հարկ է մի­ան­գա­մայն կտ­րա­կա­նա­պէս մեր­ժել այն տրամաբանութիւնը, որուն հա­մա­ձայն՝
– Խօս­քի սխալ­նե­րը ան­պայ­մա­նօ­րէն մտա­ծո­ղու­թեան սխալ­ներ չեն։
– Ու­սու­ցի­չի կող­մէ ի սպաս դր­ուած ջան­քե­րը, երե­խա­նե­րու խօս­քի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը մշա­կե­լու եւ բա­րե­լա­ւե­լու հետամտու­թեամբ, խիստ եր­կար ժա­մա­նակ կը խլեն եւ չա­փա­զանց­եալ բծախնդ­րու­թիւն կը պա­հան­ջեն։
– Ու­սա­նող­նե­րու ճշգ­րիտ խօ­սակ­ցու­թեամբ պէտք է զբա­ղի գլ­խա­ւո­րա­պէս միայն լեզ­ուի եւ բա­նա­հիւ­սու­թեան ու­սու­ցի­չը, իսկ այլ դա­սա­նիւ­թե­րու դա­սա­տու­նե­րը պար­տա­ւոր չեն այդ ուղ­ղու­թեամբ որե­ւէ աշ­խա­տանք տա­նե­լու։
– Լաւ գրե­լու վար­ժու­թիւնը աւե­լի կեն­սա­կան է, քան ճար­տա­րօ­րէն խօ­սե­լու սո­վո­րու­թիւնը։
– Աղ­ջիկ­նե­րու բարձ­րա­գոչ, հա­մար­ձակ, պար­զո­րոշ խօ­սի­լը կր­նայ վնա­սել անոնց իգա­կա­նու­թեան, հե­զա­համ­բոյր նկարագ­րին եւ բա­րո­յա­կան համ­բա­ւին եւ այլն։
Ամե­նայն­դէպս՝ կը բա­ւէ որ մար­դիկ խօ­սին, որ­պէս­զի իմա­նանք կամ կռա­հենք, թէ որոնց հետ է մեր գոր­ծը։ Այս վար­կա­ծը բնա­կա­նա­բար աւե­լի քան ի զօ­րու է դպ­րո­ցին հա­մար։ Հոն ուր երե­խա­նե­րը ան­սանձ, վճ­ռա­կան, աշ­խոյժ եւ հեշ­տօ­րէն չեն խօ­սիր, այն­տեղ ու­սու­ցու­մը փայ­լուն ըն­թաց­քի մէջ չէ, քա­նի որ լաւ եւ պատ­շաճ ար­տա­յայ­տու­թիւնը լաւ գիտ­նա­լու ամենա­վա­ւե­րա­կան ցու­ցա­նիշն է։
Բա­նա­ւոր պա­տաս­խան­նե­րու հի­մամբ միայն կա­րե­լի է դա­տել, թէ երե­խա­ներ ինչ աս­տի­ճա­նի ըն­կա­լած եւ սեփականացու­ցած են իրենց մա­տուց­ուած գի­տե­լիք­նե­րը։ Կեն­դա­նի խօս­քը ան­հա­մե­մատ աւե­լի կա­րե­ւոր է գրա­ւո­րէն, որով­հե­տեւ բո­լորս ալ ան­հա­մե­մատ աւե­լի յա­ճախ կը խօ­սինք քան կը գրենք եւ ու­րիշ­նե­րու ալ շատ աւե­լի ունկ կու տանք քան կը կար­դանք անոնց գրած­նե­րը։
Վեր­ջա­պէս, ամէն դպ­րոց, որ կը ձգ­տի իր սա­նե­րը կեան­քի հա­մար նա­խա­պատ­րաս­տել եւ անոնց իրաւ կր­թու­թիւն ջամբել, առանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն կ’ըն­ծա­յէ երե­խա­նե­րու յս­տակ եւ ար­տա­յայ­տիչ ըն­թեր­ցա­նու­թեան, արագ եւ որո­շա­կի պա­տաս­խան­նե­րուն, բարձ­րա­ձայն եւ պար­զա­բան­ուած խօս­քին, որոնք կ’ըն­ձեռ­ուին ներ­քին ու­ժե­րու զարգացման եւ նիւ­թի լի­ա­կա­տար իւ­րաց­ման շնոր­հիւ…։ Ան­տա­րա­կոյս՝ միշտ հե­ռու վա­նե­լով քիչ ըմբռ­նե­լի կամ բոլորովին անըմբռ­նե­լի պա­տաս­խան­նե­րը, անա­ւարտ եւ կցկտուր բա­ռե­րը, փսփ­սա­լու կամ գրե­թէ անլ­սե­լի ձայ­նով քիթին տա­կէն մրթմր­թա­լու խո­ցե­լի եւ անըն­դու­նե­լի սո­վո­րու­թիւն­նե­րը։
Խաչիկ Շահինեան