Կա­րե­լի չէ հա­ւա­տալ, թէ ճիշդ քա­ռա­սուն օրեր առաջ, դա­րա­նա­կալ մա­հը իր ըն­տա­նի­քէն, ծնող­քէն, հա­րա­զատ­նե­րէն եւ մեզ­մէ ան­ժա­մա­նա­կօ­րէն առ­յա­ւէտ բաժ­նեց պատ­ուա­կան հա­յոր­դի մը, հան­գուց­եալ Գէ­որգ Ալեք­սա­նի Ազէզ­եա­նը։
Հան­գուց­եա­լը եր­րորդ զա­ւակն էր բա­րե­պաշտ, շնոր­հա­լի եւ ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան ըմբռ­նում ու ոգի ու­նե­ցող ընտանիքի մը, որուն հո­վանի­ին ներ­քեւ ձե­ւա­ւոր­ուած էին անոր յա­ռա­ջի­կա­յ հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը։
Ծնած էր Հա­լէպ, 1956-ին, եւ մին­չեւ մա­հը կապ­ուած մնաց ծնն­դա­վայ­րին։ Ու­սու­մը ստա­ցած էր Կի­լիկ­եան Կր­թա­կան Հաս­տա­տու­թե­նէն ներս։
Մա­նուկ տա­րի­քին ծնող­քին կող­մէ առաջ­նորդ­ուե­ցաւ եկե­ղե­ցի, ուր ամ­բողջ քսա­ներ­կու տա­րի մաս կազ­մեց Հա­լէ­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ Դպ­րաց Դա­սին, զու­գա­հե­ռա­բար յա­ճա­խե­լով Հա­յաս­տան­եայց Եկե­ղեց­ւոյ Կի­րակ­նօր­եայ Դպրոց­նե­րու Կեդ­րոն, որուն ըն­թաց­քը աւար­տեց յա­ջո­ղու­թեամբ եւ ան­մի­ջա­պէս մաս կազ­մեց ու­սուց­չա­կան կազ­մին։
Հան­գուց­եալ Գէ­որգ Ազէզ­եա­նի կեան­քին եւ ծա­ռա­յու­թեան բո­լո­րա­կը մնացին Հայ Եկե­ղե­ցին եւ Կի­րակ­նօր­եայ Դպ­րո­ցը։
Ան որ­պէս Թա­ղա­կան Խոր­հուր­դի ան­դամ ծա­ռա­յեց Սր­բոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր Եկե­ղեց­ւոյ, նոյն­պէս մաս կազմեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Քրիս­տո­ն­է­ա­կան Դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան Խոր­հուր­դին, սա­կայն նուի­րու­մին պսա­կը հանդիսա­ցան երե­սու­նու­թը տա­րի մի­ան­ուագ իր ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թիւնն ու վա­ւե­րա­կան ներդ­րու­մը՝ Կի­րակ­նօր­եայ Դպ­րոց­նե­րու Կեդ­րոն ներս, ուր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ իր կա­տա­րած բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րուն կող­քին, յատ­կա­պէս մշ­տար­թուն եւ ան­զի­ջող պա­հա­պա­նը եղաւ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ եւ քրիստոնէական սկզ­բունք­նե­րուն ճշգ­րիտ ու­սուց­ման, իր իսկ կեան­քով ու գոր­ծով վկա­յե­լով քրիս­տո­ն­է­ա­կան կրօ­նի բարոյա­կան ար­ժէք­նե­րուն մա­սին, վճ­ռա­պէս մեր­ժեց սխա­լը, ապ­րե­ցաւ, գոր­ծեց եւ ծա­ռա­յեց լոյ­սե­րէն հե­ռու, խոնարհաբար ու հա­մեստութեամբ։
Որ­պէս գոր­ծա­րար, ստա­ցած ըն­տա­նե­կան եւ կրօ­նա­բա­րո­յա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեանց թե­լադ­րու­թեամբ, նիւ­թը բնաւ նշա­նա­կու­թիւն չու­նե­ցաւ իրեն հա­մար, ոչ ալ ցու­ցադ­րա­կան կեց­ուածք­նե­րով նիւ­թին ետին ծուա­րե­ցաւ։ Պար­զա­պէս արուես­տա­գէ­տի ոգին միշտ ներ­գոր­ծեց իր մէջ, Հան­գուց­եա­լը որ­պէս ջու­թա­կա­հար վկայ­ուած է Հա­լէ­պի Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցէն, եւ շր­ջան մը Հա­լէ­պի հայ­կա­կան միու­թիւ­նե­րու թա­տե­րա­կան ելոյթ­նե­րուն երաժշ­տա­կան ձեւաւորումնե­րը իրեն կը պար­տինք։ Եր­կար տա­րի­ներ աշա­կեր­տած է ՀԲԸՄ-ի «Մար­տի­րոս Սար­եան» Գծագ­րա­կան Ակա­դեմ­իա­յին։ Հա­լէ­պի Պե­տա­կան Թան­գա­րա­նի պատ­կե­րաս­րա­հէն ներս կազ­մա­կերպ­ուած ան­հա­տա­կան ցուցահանդէ­սը՝ ինք­նու­րոյն ոճին շնորհիւ, զինք դա­սած է սուր­ի­ա­ցի ար­հես­տա­վարժ գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու շար­քին։
Ան կազ­մեց իր ըն­տա­նի­քը, եւ կեան­քին մի­ակ հա­ճոյ­քը մնաց ըն­տա­նե­կան յար­կը։ Աւե­լի՛ն, իբ­րեւ պար­կեշտ ու պատուաւոր ամու­սին եւ ըն­տա­նի­քի հայր, կնո­ջը եւ եր­կու զա­ւակ­նե­րուն հետ, ըն­տան­եօք յա­ճա­խե­ցն կիրակնօրեայ դպրոց եւ ծա­ռա­յե­ց անոր։
Եւ վեր­ջա­պէս Հան­գուց­եա­լը կեան­քին բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը դի­մագ­րա­ւեց լռու­թեամբ, անտր­տունջ, եր­բեք պահանջո­ղի դիր­քին մէջ չե­ղաւ, առանց ի հա­շիւ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ ու­նե­ցած հա­ւատ­քին եւ պայ­ծառ աչ­քե­րուն յոյ­սի ցոլքին։
Ան­ժա­մա­նակ մա­հը մեզ­մէ առ­յա­ւէտ բաժ­նեց Գէ­որգ Ազէզ­եա­նը, սա­կայն վս­տա­հա­բար հո­գին հի­մա երկ­նա­յին լոյ­սե­րուն մէջ կը նն­ջէ։
Յա­նուն Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր, Ազգ. Իշ­խա­նու­թեան, Հա­յաս­տան­եայց Եկե­ղեց­ւոյ Կի­րակ­նօր­եայ Դպ­րոց­նե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին եւ ներ­կայ սգա­կիր­նե­րուն, մեր խո­րազ­գաց ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք Հան­գուց­եա­լին մօ­րը՝ Կիրակնօր­եայ Դպ­րոց­նե­րու վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ տի­կին Նա­զե­լի Ազէզ­եա­նին, կնո­ջը՝ տի­կին Անի Ազէզ­եա­նին, զաւակնե­րուն՝ Նա­զի­կին եւ Ալեք­սա­նին, քոյ­րե­րուն, եղ­բօ­րը, որոնք բո­լորն ալ Կի­րակ­նօր­եայ Դպ­րո­ցի ջա­հա­կիր­ներն են եւ բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րուն։
Ամենա­բա­րին Աստ­ուած թող ար­դար­նե­րու շար­քին դա­սէ Հան­գուց­եա­լը, եւ երկն­քի ար­քա­յու­թեան ար­ժա­նաց­նէ, իսկ ձեր բո­լո­րը Ս. Հոգի­ով մխի­թա­րէ։
Յի­շա­տա­կը ան­թա­ռամ՝
Կի­րակ­նօր­եայ Դպ­րոց­նե­րուն եւ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ այս հա­ւա­տա­ւոր եւ յանձ­նա­ռու զի­նուո­րին։
Զա­րեհ Քհնյ. Շա­քար­եան