«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբերին ստորագրած է թիւ 1320 բանաձեւը, օրէնքի ուժ տալով նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջադրութեան։

Նշենք, որ նահանգային Ծերակոյտը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ (33-0 եւ 7 ձեռնապահ), իսկ նահանգային խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուցած էին այս բանաձեւը, որ ներկայացուած էր խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի կողմէ:

Նազարեան դրուատեց նահանգապետին քայլը՝ յիշեցնելով, որ Քալիֆորնիա 5-րդ հզօրագոյն տնտեսութիւնը ունի աշխարհի մէջ եւ այս քայլով յստակ պատգամ մը ուղղած է Անգարայի իշխանութեանց, որ ժամանակն է դադրեցնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութիւնը։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց բանաձեւին ստորագրութիւնը, զայն «յատկանշական յաղթանակ» մը որակելով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին եւ Նազարեանին։

Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն, այս արշաւին (DivestTurkey) համար մօտէն գործակցած է ՀԵԴի, Հայ ուսանողական միութիւններու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնսդիր մարմինին հետ:

Օրէնքը կ՛արգիլէ յատկապէս Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ Cal-STRS) որեւէ նոր ներդրումներ կամ ներդրումներու նորոգութիւն կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող կամ անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ աղերս ունեցող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ:

Նաեւ, երբ դաշնակցային իշխանութեանց կողմէ այս գծով որոշում մը տրուի, նահանգային մարմիններ պէտք է ամբողջութեամբ ետ քաշեն իրենց ներդրումները, որոնք 77էն 350 միլիոն տոլարի միջեւ կը գնահատուին։

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ, եւ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն առնուազն մէկ մասը կը հովանաւորուի նշեալ ներդրումներուն պատճառած շահերով:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սոյն քայլը մշակուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն կողմէ, որոնք ապահովեցին անոր վաւերացումը Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն մէջ:

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը եւ խորհրդարանը 2018ին վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը (թիւ 1597), սակայն նահանգապետ Պրաուն վեթոյի ենթարկած էր զայն: