«Արմէնփրէս».-Պաշտօնական այցելութեամբ Սերպիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Պելկրատի Միհայլօ Փուփինի անուան գիտահետազօտական հիմնարկը, որ կը  համարուի տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան ճարտարագիտական ոլորտի առաջատար գիտահետազօտական հաստատութիւնը եւ ամենախոշորն ու ամենահինը հարաւարեւելեան Եւրոպայի տարածքին մէջ:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ հիմնարկի տնօրէն Սանիա Վրանիէշ նախագահին  ներկայացուցած է հիմնարկի գործունէութեան ուղղութիւնները` տեղեկացնելով, որ անոնք կ’ընդգրկեն հեռահաղորդակցութեան, անվտանգութեան եւ պաշտպանական, հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու կառավարման եւ  շարք մը այլ բնագաւառներ:

Յիշուած է, որ հիմնարկը ազգային գետնի կարեւոր ծրագիրներ  կ’իրականացնէ` համադրելով երկրաչափական համակարգերն ու տեղեկատուական ճարտարագիտութիւնը, կը մշակէ նորարարական լուծումներ` մեքենական ինքնագործութեան եւ վերահսկման, հեռահաղորդակցութեան եւ համակարգչային ցանցերու ոլորտներէն ներս, ինչպէս նաեւ յաւելուածներ` էլեկտրոնային կառավարման տարբեր բնագաւառներու համար:

Հայաստանի նախագահը շրջած է հիմնարկին մէջ, ծանօթացած է իրականացուող հետազօտութիւններու արդիւնքներուն, տարբեր ոլորտներու մէջ առաջարկուող նորարարական լուծումներուն: Նախագահ Սարգսեան յայտնած է, որ հիմնարկի գործունէութեան  շարք մը ուղղութիւններ հեռանկարային են փոխշահաւէտ գործակցութեան համար,  որովհետեւ Հայաստան նոյնպէս բարձր ճարտարագիտական ոլորտի զարգացման մեծ ներուժ ունի: «Մեր  շարք մը ընկերութիւններն ու գիտական հաստատութիւնները կրնան տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցիլ Ձեր հիմնարկին հետ», ըսած է նախագահ Սարգսեան: