ՏԵՂԱԿԱՆ

 

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
Սուրիոյ տարածքին մարզական ակումբները յառաջիկայ օրերուն կը պատրաստուին կատարել իրենց անդամական ընդհանուր ժողովները, ընտրելու նոր վարչակազմեր, որմէ ետք տեղի պիտի ունենան բոլոր մարզախաղերու ֆետերասիոններու, ինչպէս նաեւ մարզական կեդրոնական կոմիտէի ընտրութիւնները:
-ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց պատանեկան խումբը գրաւեց Հալէպի պասքեթի մրցաշարքի երկրորդ դիրքը, աւարտական մրցումին՝ պարտութեան մատնուելով Իթթիհատէն 81-48 արդիւնքով։ Առաջին փուլին ՀՄԸՄ-ի կազմը պարտութեան մատնեց Ճալաա-ը 54 – 49, ՀԵԸ-ը 76 – 69, Սքաքին 68 – 44 արդիւնքներով: Կիսաւարտականին դարձեալ պարտութեան մատնեց Ճալաա-ը՝ 72 – 66 արդիւնքով:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ

 

ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ՝ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ծանրամարտիկ Յակոբ Մկրտիչեան Հայաստանի համար նուաճեց առաջին ոսկի մետալը՝ Թայլանտի Պատայա քաղաքին մէջ ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներու ընթացքին: Մինչեւ 89 քկ. ծանրութիւն կրող մարզիկը պոկումի վարժութեան մէջ բարձրացուց 167 քկ., իսկ հրումի վարժութեան՝ 208 քկ.: Երկամարտի 375 քկ. արդիւնքով Յակոբը գրաւեց առաջին տեղը եւ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: Նոյն ծանրութեան կարգին հանդէս եկող Դաւիթ Յովհաննէսեան երկամարտի 355 քկ. արդիւնքով գրաւեց 12-րդ տեղը:
ԾԱՆՐՈՐԴ ՍԻՄՈՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿՐԿՆԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Թայլանտի մէջ կայացած համաշխարհային ծանրամարտի ախոյեանական մրցումներու աւարտին, Հայաստանի ծանրորդ Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան: 109 քկ. ծանրութիւն կրած աշխարհի գործող ախոյեանը երկամարտի մրցումներուն բարձրացուց 429 քկ., 199+230 արդիւնքով: Պոկումի եւ հրումի վարժութիւններուն, հայ ծանրորդը նոյնպէս նուաճեց ոսկի փոքր մետալներ, եւ յաջողեցաւ արձանագրել միջազգային նոր մրցանիշ: Աւելցնենք, որ Սիմոնէն առաջ համաշխարհային մրցանիշը արձանագրողներն էին չինացի Ժան Ժենը եւ պելառուս Անտրէյ Արամնաուն, որոնք յաջորդաբար բարձրացուցած էին 197 եւ 198 քկ. ծանրաձողեր:
ԳՈՌ ՄԻՆԱՍԵԱՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՌՈՒԲԷՆ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ՝ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Աշխարհի ծանրամարտի ախոյեանութեան մէջ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները շարունակելով իրենց յաջող արդիւնքները ձեռք բերին բազմաթիւ մետալներ: «+109» քկ. ծանրութիւն կրող մարզիկ Գոռ Մինասեան՝ երկամարտի 460 քկ., 212+248 արդիւնքով գրաւեց մրցանակային 2-րդ տեղը եւ դարձաւ արծաթէ մետալակիր։ Ան պոկում եւ հրում վարժութիւններուն դարձեալ նուաճեց արծաթէ մետալ: Այս կարգի ծանրութեան դարձեալ Հայաստանը ներկայացնող Ռուբէն Ալեքսանեան երկամարտին մէջ արձանագրեց 437 քկ., 192+245 արդիւնք եւ գրաւեց մրցանակին 3-րդ տեղը։ Ան պրոնզէ մետալ նուաճեց նաեւ հրումի վարժութեան մէջ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՓՈԽԱՐԻՆԵԼՈՒ ԿՈՒԱՐՏԻՈԼԱՆ
Անգլիական MIRROR օրաթերթը յայտարարեց, թէ Մանչեսթըր Սիթի ակումբի ղեկավարները կը պատրաստուին խումբի մարզիչ Կուարտիոլի հրաժարականին: Ըստ աղբիւրին, ներկայիս մարզիչը փոխարինելու կը պատրաստուի Ջովանի վան Փրոնկհորսթին։ Հոլանտացի մասնագէտին արդէն սկսած են ծանօթացնել մանչեսթըրեան ակումբի աշխատանքին։ Մանչեսթըր Սիթին հետաքրքրուած է նաեւ Պատրիկ Վիէյրայի, Կուարտիոլայի օգնական Միկէլ Արտետայի եւ խումբի նախկին աւագ Վենսըն Կոմպանիի ծառայութիւններով։ Յիշենք, որ Կուարտիոլայի պայմանագիրը Մանչեսթըր Սիթիի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2021-ի ամառը:

Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան