«Ապառաժ».- 6 Հոկտեմբերին, տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ, ԼՂՀ Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) 60-ամեակին:
Հերոսին արձանին մօտ իրենց յարգանքի ու խոնարհումի տուրք տուած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, մարտական եւ կուսակցական ընկերներ, պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան այրեր եւ հերոսին հարազատները:
‹‹ես քու անունդ կրող դպրոցի սանիկն եմ եւ 1000 աշակերտներու անունով եկած եմ ըսելու` ծնունդդ շնորհաւոր, հրամանատար հերոս››, այս խօսքով հանդիսաւոր ձեռնարկին բացումը կատարած է հերոսին թոռը, որ այս տարի յաճախած է առաջին դասարան:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուած է հերոսի գործելաոճին մասին պատմող ‹‹գոյամարտ›› հեռուստածրագիրին պատրաստած ‹‹բեկորը›› տեսաֆիլմը, ուր կը ներկայացուի, թէ ինչպէս ան սեփական օրինակով կը վարակէ շրջապատը` մարտադաշտը դարձնելով սրբավայր, հայրենիքի պաշտպանութիւնը` գերնպատակ:
Աշոտ Ղուլեանի մարտական ընկեր Էտուարտ Աբրահամեանի խօսքին համաձայն, Բեկորը ընտանիքի լաւ հայր էր, որպէս հրամանատար` խիզախ, բարի ու հաւասարակշռուած, եւ ամէն անգամ ցաւով կ’ընդունէր վաշտի զինուորներու վիրաւորուիլն ու զոհուիլը:
Հերոսի ծննդեան 60-ամեակին առիթով Արցախի ազատամարտիկներու միութեան նախագահ հրամանատար-հազարապետ Սամուէլ Կարապետեանի երախտիքի խօսքը ներկայացուցած է Արցախի ազատամարտիկներու միութեան աշխատակազմի ղեկավար Էտուարտ Խաչատրեան.
«Արցախեան գոյապայքարի նուիրեալ, հրամանատար Աշոտ Ղուլեան պիտի ամբողջացնէր 60 տարեկանը: Ան իր կեանքով եւ անմնացորդ նուիրուածութեամբ կերտեց ազատութեան ճանապարհը: Իր ողջութեան առասպելական դարձած զինուորականը կատարեց իր առաքելութիւնը` սեփական կեանքի գնով ազատագրելով հայոց ոստան Արցախը: Բեկորն այն նուիրեալներէն է, որ մեծ ներդրում ունեցաւ հայոց բանակի կազմաւորման եւ ստեղծման սուրբ գործին մէջ: Մեծ խորհուրդ ու նշանակութիւն ունի արցախեան ազատամարտի նուիրեալ` Աշոտ Ղուլեանի մարտական ճանապարհը››:
Էտուարտ Խաչատրեան վարչութեան կողմէ յուշանուէր յանձնած է Աշոտ Ղուլեանի ընտանիքին:
Սոյն ձեռնարկին գեղարուեսատական կատարումներով հանդէս եկած են Պաշտպանութեան Բանակի «Ասպետ» համոյթն ու Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող Ստեփանակերտի թիւ 2 հիմնական դպրոցի սաները:

Յասմիկ Յակոբեան